Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խուճապային Մթնոլորտը Կը Ծառայէ Բացառապէս Թշնամիին

Խուճապային Մթնոլորտը Կը Ծառայէ Բացառապէս Թշնամիին

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ ներկայացաւ հանրութեան` մանրամասնութիւններ փոխանցելու համար մօտ օրէն կայանալիք`  Ռուսաստանի նախագահ Փութինի, Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւի  եւ իր մասնակցութեամբ եռակողմ հանդիպումի մասին, որու ընթացքին  կը սպասուի համաձայնագիրի մը ստորագրում: «Տպաւորութիւն կայ, որ թուղթ է ստորագրուելու սահմանագծման  եւ սահմանազատման արդիւնքների մասին, այդպիսի բան  հնարաւոր չէ, ստորագրուելիք հաւանական փաստաթուղթը լինելու է հետեւեալի մասին, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը ձեւաւորում  են յանձնաժողով, որը սկսում է զբաղուել սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներով: Այդ թղթի  մէջ գրուած չի լինելու‘ սահմանն անցնելու է այստեղով, այնտեղով: Այս վերջին ձեւակերպումը տեղի է ունենալու այդ յանձնաժողովի աշխատանքի հիման վրայ»,- ըսաւ Հայաստանի վարչապետը:

Վարչապետի այս յստակ ու պարզ  խօսքերով հանդերձ, Հայաստանէն ներս եւ դուրս ծանօթ շրջանակներ կը շարունակեն ստեղծել խուճապային  մթնոլորտ, որոնք կը ծառայեն բացառապէս թշնամիի շահերուն: Ամիսներէ ի վեր լրատուամիջոցներ, քաղաքական գործիչներ ու մեկնաբաներ կը խօսին գոյութիւն չունեցող փաստաթուղթերու, գոյութիւն չունեցող  «միջանցքներու» եւ զիջումներու մասին հակառակ որ,  անոնց կողմէ յառաջ քաշուած նախկին բոլոր կանխատեսումները ցարդ սխալ դուրս եկան եւ իշխանութիւնները մնացին հաւատարիմ իրենց խոստումներուն վրայ: Փաստը այն է որ,  «Զանգեզուրի  միջանցքի» հարցը բանակցային սեղանի վրայ չէ այլեւս: Ճիշդ է որ, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը շարունակեն խօսիլ այդ մասին, սակայն ամէն ինչ կախել է Երեւանէն, որու դիրքորոշումը յստակ է. երթեւեկութեան համար բաց ճանապարհ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքով, սակայն փոխադարձ սկզբունքով: Սահմանային վերջին յարձակումները, ինչպէս նախորդները   չկարողացան փոփոխութեան ենթարկել Հայկական կողմի սկզբունքային կեցուածքը, իսկ պատերազմէն տկարացած դուրս եկած Հայկական բանակը կարողացաւ կասեցնել թշնամի լայն մաշտապի ներթափանցումի եւ բռնի ուժով «միջանցքին» տիրանալու փորձերը:

Վերջին օրերուն, ճանապարհներ փակելու եւ ցոյցեր կազմակերպելու միջոցաւ դարձել փորձ կը կատարուի ժողովուրդը ապակողմնորոշելու եւ իշխանութիւններուն դէմ հանելու յոյսով: Բողոքի այդ շարժումները տարողութեամբ մեծ չեն, սակայն անոնց վրայ գումարած լրատուական լայն արշաւը անպայմանօրէն  կ’ազդեն հասարակութեան տրամադրութեան եւ նաեւ բանակի զինուորներուն վրայ: Խուճապ ստեղծելու եւ ժողովուրդը  յուսալքութեան մատնելու գործը թշնամիի փոխարէն ստանձնած են ներքին ծանօթ ուժերը, որոնց միակ նպատակը իշխանութեան հասնիլն է թէկուզ թշնամիի շահերուն ծառայելու միջոցաւ:  Այն ինչ որ անոնք չկարողացան իրագործել քուէատուփով, կը փորձեն հասնիլ երկիրը ապակայունացնելու եւ ժողովուրդը պառակտելու միջոցաւ:

Ներկայիս Հայաստան ամէն բանէ առաջ պէտք ունի ներքին միասնականութեան, իսկ մնացեալ հարցերը կախեալ են անկէ: Երկրի ղեկավարը պէտք է կարողանայ բանակցային սեղան նստիլ իր կողքին ունենալով ժողովուրդի աջակցութիւնը: Այսօրուայ դրութեամբ երկրի ղեկավարը Փաշինեանն է եւ ինքն է որ լիազօրուած է վարել արտաքին քաղաքականութիւնը եւ պարտաւոր չէ ամէն պահ հրապարակաւ հաշիւ տալու բանակցութիւններու ելեւէջներու մասին, որոնք կրնան տեւել երկար տարիներ:  Եթէ նպատակը այն է որ, իշխանութիւնները զիջումներ չկատարեն ու բանակը կարողանայ մարտունակ ուժ դառնալ  ապա նախ եւ առաջ պէտք է դադրեցնել համացանցային եւ լրատուական ահաբեկումը ու մնալ օրինաւոր ընդդիմադրութեան սահմաններուն մէջ` Խորհրդարանի կամարներէն ներս եւ դուրս:

Այդ կը պահանջէ երկրի շահը:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment