Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Ընդունած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Տեղակալ՝ Միկէլ Անխել Մորաթինոսը

Վարչապետը Ընդունած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարի Տեղակալ՝ Միկէլ Անխել Մորաթինոսը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ, Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի Բարձր ներկայացուցիչ՝ Միկէլ Անխել Մորաթինոսը:

Վարչապետը նշած է, որ սա ՄԱԿ-ի Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի այսպիսի բարձր մակարդակով առաջին այցելութիւնն է Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ յոյս յայտնած, որ այս այցը կը նպաստէ երկկողմ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ մեր տարածաշրջանի ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան:

Բարձր ներկայացուցիչ Մորաթինոսը ներկայացուցած է Քաղաքակրթութիւններու դաշինքի գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ կարեւորած Հայաստանի դերն ու մասնակցութիւնը դաշինքի աշխատանքներուն։ Ան աւելցուցած է, որ Քաղաքակրթութիւններու դաշինքը իր մանտաթի ծիրէն ներս պատրաստ է նպաստել տարածաշրջանին մէջ հանդուրժողականութեան խթանման, միջկրօնական երկխօսութեան եւ կրօնական սրբավայրերու պաշտպանութեան։

Վարչապետ Փաշինեանը կարեւորած է տարածաշրջանին մէջ երկխօսութեան ու հանդուրժողականութեան խթանման միտուած քայլերը, միեւնոյն ժամանակ ընդգծելով միջազգային հանրութեան կողմէ Ատրպէյճանի յարձակողական գործողութիւններուն համարժէք արձագանգի անհրաժեշտութիւնը: Կառավարութեան ղեկավարը պարոն Մորաթինոսի ուշադրութիւնը հրաւիրած է Արցախի դէմ յարձակողականին հետեւանքով ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան ոչնչացման ու խեղաթիւրման փաստերու, անոնց կարգին՝ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ եւ Դադիվանքի վանական համալիրի նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի գործողութիւններուն վրայ: Վարչապետը կարեւորած է  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փաստահաւաք առաքելութեան մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ ու յարակից շրջաններ՝ ընդգծելով այս հարցով եւս Ատրպէյճանի ապակառուցողական գործելաոճը: Նիկոլ Փաշինեան առանձնակի կարեւորած է նաեւ Արցախի մէջ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի մարդասիրական առաքելութեան գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment