Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պաշտօնական Երեւանը Հաստատած Է Պրիւքսէլի Մէջ Դեկտեմբեր 15-Ին Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպման Մասին Տեղեկութիւնը

Պաշտօնական Երեւանը Հաստատած Է Պրիւքսէլի Մէջ Դեկտեմբեր 15-Ին Փաշինեանի Եւ Ալիեւի Հանդիպման Մասին Տեղեկութիւնը

by MassisPost

Պաշտօնական Երեւանը հաստատած է Պրիւքսէլի մէջ Դեկտեմբեր 15-ին Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման մասին տեղեկութիւնը:

«Հայաստանը համաձայն է այդ հանդիպման անցկացմանը», – յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար՝ Վահան Յունանեանը:

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հաստատելով առաջիկայ՝ պրիւքսէլեան հանդիպման լուրը, յայտարարած է, թէ Պաքուի դիրքորոշումը՝ ղարաբաղեան հակամարտութենէն յետոյ տարածաշրջանի մէջ ստեղծուած իրավիճակի շուրջ, բազմիցս բարձրաձայնուած է, նաեւ միջազգային հարթակներով։

«ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հաւանական հանդիպման առնչութեամբ տարբեր ձեւաչափերով տարբեր առաջարկներ քննարկւում են»: «Արմէնփրէս»-ի հարցին ի պատասխան այս մասին ըսած է Արտաքին գործոց նախարարի մամլոյ խօսնակ՝ Վահան Յունանեանը՝ անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք ճիշդ են Նոյեմբեր 26-ին Սոչիի մէջ ՀՀ վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի հանդիպման մասին շրջանառուող լուրերը:

«Տարբեր ձեւաչափերով  տարբեր հանդիպումների առաջարկներ քննարկւում են, եւ երբ որեւէ համաձայնութիւն ձեռք բերուի ժամկէտների, տեղի եւ ձեւաչափերի մասով, մենք նախօրօք խելամիտ ժամկէտներում կը տեղեկացնենք»,- ըսած է Վահան Յունանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment