Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Հիմնադրամը Կ’իրագործէ Սիւնիքի Համայնքներու Զարգացման Ուղղուած Ծրագիրներ

Հայաստան Հիմնադրամը Կ’իրագործէ Սիւնիքի Համայնքներու Զարգացման Ուղղուած Ծրագիրներ

by MassisPost

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը Սիւնիքի մարզին մէջ մեկնարկած է համայնքային, կրթական եւ ընկերային նշանակութեան շարք մը խնդիրներու լուծման ուղղուած ծրագիրներ:

Հիմնադրամի աշխարհասփիւռ գործընկերներու միջոցներով՝ առաջին փուլով Սիւնիքի մարզի շարք մը բնակավայրերուն մէջ կը տեղադրուին արեւային ջրատաքացուցիչներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ, Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան, այցելելով Սիւնիքի մարզի համայնքներ եւ հանդիպելով համայնքապետերուն հետ, անոնց առաջարկած էր ներկայացնել տեղեկութիւններ համայնքներու առաջնային խնդիրներու մասին: Նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած էր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցիլ անոնց լուծման:

Քննարկումներու արդիւնքով՝ շարք մը խնդիրներու լուծման նպատակով կազմուած էր յատուկ ծրագիր, որ կ’իրականացուի փուլ առ փուլ՝ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ու «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համատեղ ուժերով: Կը գործադրուին բոլոր միջոցներն ու ջանքերը՝ մեր համայնքներու ու հայրենակիցներու հոգերը թեթեւցնելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment