Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լաւրով Վստահ Է, Որ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Հանդիպումը Պիտի Կայանայ

Լաւրով Վստահ Է, Որ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ Հանդիպումը Պիտի Կայանայ

by MassisPost

«Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի մասնակցութեամբ Ղարաբաղի հարցով եռակողմ հանդիպում տեղի կ’ունենայ, սակայն անոր համար անհրաժեշտ է կողմերու համաձայնութիւնը», յայտարարած է ՌԴ Արտաքին Գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։

«Հանդիպման համար պէտք է համաձայնութիւն, որպէսզի բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին հանդիպիլ, համաձայնին։ Վստահ եմ, որ նման հանդիպում տեղի կ’ունենայ», – ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան ղեկավարը։

Աւելի վաղ՝ Նոյեմբեր 7-ին, Քրեմլինի խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքովը ըսած էր, թէ երեք առաջնորդներու հանդիպում կը նախապատրաստուի տեսակապով համաժողովի ձեւաչափով։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, սակայն, յայտարարեց, որ հայկական կողմը «ինքնանպատակ հանդիպումներու կողմնակից չէ», եւ հանդիպման մասով յստակ պայմանաւորուածութիւն չկայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment