Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թուրքիոյ Քաղաքական Գործիչներն Ու Մաֆիան Կը Ստեղծեն Պետութիւն Պետութեան Մէջ. Deutsche Welle

Թուրքիոյ Քաղաքական Գործիչներն Ու Մաֆիան Կը Ստեղծեն Պետութիւն Պետութեան Մէջ. Deutsche Welle

by MassisPost

Գերմանական Deutsche Welle պարբերականը հրապարակած է յօդուած «Թուրքիա. Քաղաքական գործիչներն ու մաֆիան կը ստեղծեն պետութիւն պետութեան մէջ» վերնագիրով, որ թարգմանաբար կը ներկայացնենք ստորեւ.

«Թուրքիոյ մէջ 2016-ին տեղի ունեցած պետական յեղաշրջման փորձէն եւ անոր յաջորդած զանգուածային ձերբակալութիւններէն յետոյ երկրի բանտերը լեփ-լեցուն են: Նման պայմաններու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուելու վտանգը առանձնայատուկ բարձր է: Անցեալ տարի Թուրքիոյ կառավարութիւնը արձագանգեց բարդ իրավիճակին. համաներման մասին օրէնքը հնարաւորութիւն տուաւ վաղաժամ ազատ արձակելու մօտ 90 հազար դատապարտեալներ: Այնուհանդերձ, բազմաթիւ լրագրողներ եւ ընդդիմութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող դատապարտեալներ կը շարունակեն մնալ ճաղերուն ետեւ այն պարագային, երբ բազմաթիւ բանտարկեալներ, անոնց կարգին մաֆիոզ խմբաւորման յայտնի պարագլուխ՝ Ալաատտին Չաքըճին, ազատութիւն ստացած են: Չաքըճին ազատութեան մէջ յայտնուած է 2020-ի Ապրիլին:

2021-ի Հոկտեմբերի վերջը ազատ արձակուեցաւ թրքական յանցագործ աշխարհի եւս մէկ առաջնորդ՝ Քուրսատ Եըլմըզը: Ան դատապարտուած էր 66 տարուայ ազատազրկման յանցաւոր խմբաւորում ստեղծելու եւ քաղաքապետի սպաննութիւնը հրահրելու եւ շարք մը այլ մեղադրանքներով: Սակայն գործը վերանայելու միջնորդութիւն ներկայացնելէ յետոյ ան անսպասելիօրէն ազատ արձակուեցաւ 17 տարուայ բանտարկութենէ յետոյ:

Երկու յանցագործներն ալ աջ ծայրայեղական Ülkücü շարժումէն են, որ Գերմանիոյ մէջ յայտնի է «Գորշ գայլեր» անուանումով: Յատկապէս նախորդ դարու 70-ականներուն անոնք Թուրքիոյ մէջ յայտնի էին բռնութեան դաժան գործողութիւններով, հրկիզումներով եւ սպաննութիւններով:

Մաֆիայի առաջնորդներու հանդիպումը թուրք ազգայնականներու կուսակցութեան ղեկավարին հետ
Ազատ արձակումէն անմիջապէս յետոյ Չաքըճին այցելեց Տեւլաթ Պահչելիին՝ ծայրայեղական Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավարը, որ նախագահ Էրտողանի ԱԶԿ կուսակցութեան կրտսեր գործընկերն է Թուրքիոյ կառավարութեան մէջ եւ քաղաքականապէս մօտ է «Գորշ գայլերուն»: Հանդիպումէն շատ չանցած Չարքըճին ընկերային հարթակներով քանի մը հրապարակումներ կատարեց ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան առաջնորդ՝ Քեմալ Քըլըչտարօղլուի մասին, որ քննադատած էր անոր ազատ արձակումը: Հրապարակումներէն մէկուն մէջ ան բացայայտօրէն կը սպառնար ընդդիմութեան առաջնորդին ցից բարձրացնել:

Եըլմըզը նոյնպէս ազատ արձակուելէն յետոյ հանդիպած է Պահչելիին հետ: Ազգայնական շարժում կուսակցութեան թուիթըրեան պաշտօնական էջը հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ հրապարակեց համատեղ լուսանկար՝ Պահչելիի գրասենեակէն ներս:

«Պետութիւն պետութեան մէջ»-ը կրկի՞ն վերադարձած է
Քաղաքականութեան եւ յանցաւոր աշխարհի մերձեցումը կը յիշեցնէ բազմաթիւ թուրքերու երկրի պատմութեան մութ էջերէն մէկու մասին. 1990-ականներուն կը համարուէր, որ բարձրաստիճան կառավարական պաշտօնեաներու եւ յանցաւոր աշխարհի միջեւ բազմաթիւ կապեր կան: Կ’ենթադրուէր, որ քաղաքական սպանութիւնները կամ պարզապէս մարդոց անհետացման դէպքերը կրնային կատարուիլ յանցաւոր խմբաւորումներու կողմէ, որոնք, ինչպէս «պետութիւն պետութեան մէջ», կրնային անկառավարելի կերպով գործել:

Հիմա, հետզհետէ աւելի յաճախակի, ենթադրութիւններ կ’առաջանան առ այն, որ մաֆիան կ’օգնէ կառավարութեան ամրապնդել իր իշխանութիւնը «կիսառազմական միջոցներով»: Ի վերջոյ, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայէպ Էրտողանը հետզհետէ կը կորսնցնէ բնակչութեան աջակցութիւնը, ինչ որ կը խարխլէ անոր իշխանութեան հիմքերը: «Ներկայ կառավարութիւնը նոր մեթոտ կը կիրառէ իշխանութիւնը պահելու համար»,- ըսած է ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդական կուսակցութեան նախկին անդամ եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան գծով փորձագէտ Ֆիքրի Սաղլարը,- «Ատիկա ընտրական գործընթացին մէջ ներգրաւուած մարդոց ահաբեկելու մեթոտն է»:

Վերահսկողութիւն Գորշ Դրամական Հոսքերուն Վրայ
Լրագրող եւ կազմակերպուած յանցաւորութեան հարցերով փորձագէտ Թողլա Սարդան կը կարծէ, որ մաֆիայի վերադարձը պայմանաւորուած է գորշ դրամական հոսքերուն հետ: Չաքըճին եւ Եըլմըզը «այս պահուն փորձեր կը ձեռնարկեն վերահսկողութեան տակ վերցնել անյայտ ծագման միջոցներու մէկ մասը, որոնք կը շրջանառուին, մասնաւորապէս Պոլսոյ մէջ»,- ըսած է Սարդանը: Միեւնոյն ժամանակ ան կը համարէ, որ մաֆիան՝ որպէս ռազմականացուած ուժ, կրնայ վերահսկել իրավիճակը փողոցներուն մէջ:

2019-ի  ընտրութիւններուն Էրտողանի իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը պարտուեցաւ քանի մը խոշոր քաղաքներու մէջ, ներառեալ Պոլիսը, եւ կորսնցուց հասանելիութիւնը քաղաքի ֆինանսներուն նկատմամբ: «Ըստ գնահատականներուն՝ Պոլսոյ մէջ տարեկան կը շրջանառուին տասնեակ միլիառ տոլարներ»,- ըսած է Սարդանը: Փողեր, որոնք շտապ անհրաժեշտ են նախագահին՝ իր ԽԾԲ համակարգը կերակրելու համար: «Այդ դրամական միջոցները, բնականաբար, կը գրաւեն նաեւ զինուած կազմակերպուած յանցաւորութիւնը»,- կը կարծէ Սարդանը:

Ինսայտըրը կը պատմէ մաֆիայի եւ կառավարութեան կապերուն մասին
Առաջ կառավարութեան հետ սերտ կապեր կը վերագրէին մաֆիայի կնքահայր՝ Սետաթ Փեքերին, որ յայտնի է իր ծայրայեղ աջ հայեացքներով: Ձերբակալութենէն խուսափելու համար Փեքերի փախած է Տուպայ: Այնտեղէն ան քանի մը ամիսէ հանգիստ չի տար Թուրքիոյ կառավարութեան՝ YouTube-ով եւ Թուիթերով անընդհատ հրապարակելով նոր բացայայտումներ:

Փեքերի կը հաստատէ, որ կառավարութիւնը եւ կազմակերպուած յանցաւոր խմբաւորումները կը միաւորէ այսպէս կոչուած «տիփ սթէյթին» ուղղուած ջանքերը: Ընդ որում, ուշադրութեան կեդրոնը յաճախ կը յայտնուէր Փեքերի նախկին աջակից,  ծայրայեղ ազգայնական ներքին գործոց նախարար՝ Սուլէյման Սոյլուն: Երբ Փեքերիի դէմ քննութիւն սկսաւ, նախարարը անոր զգուշացուց: Իր հերթին մաֆիոզը կը պահպանէր Սոյլուի պաշտօնը պետական ծառայութենէն ներս:

Եթէ հաւատանք Փեքերիի յայտարարութիւններուն, քաղաքական գործիչներն ու թրքական մաֆիան կը գործեն համատեղ ոչ միայն Չաքըճիի եւ Եըլմըզի ազատ արձակման պահէն: Ներքին գործոց նախարարէն բացի՝ Փեքերի տուած է նաեւ այլ յայտնի կառավարական պաշտօնեաներու եւ կառավարութեան մօտիկ մարդոց անուններ, որոնք, ինչպէս կը պնդեն, մասնակից են յանցաւոր գործունէութեան:

Թարգմանութիւնը՝aravot.am-ին

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment