Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Կողմը Ունի Հաստատուած 6 Զոհ․ ՊՆ Նոր Տուեալներ Հրապարակած Է

Հայկական Կողմը Ունի Հաստատուած 6 Զոհ․ ՊՆ Նոր Տուեալներ Հրապարակած Է

by MassisPost

ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ Նոյեմբեր 16-ին ատրպէյճանական ԶՈՒ ստորաբաժանումներու յարձակման հետեւանքով ծաւալուած մարտերու ընթացքին հայկական կողմը, այս պահու տուեալներով, ունի 6 զոհ, յայտնած են ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութենէն:

«1990 թուականին ծնուած, աւագ լեյտենանտ Տարօն Ճիվանի Սահակեան, պայմանագրային զինծառայողներ՝ 1991 թուականին ծնուած, կրտսեր սերժանտ Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեան, 1990 թուականին ծնուած, շարքային Գուրգէն Աշոտի Սարգսեան, 1998 թուականին ծնուած, կրտսեր սերժանտ Արթուր Ճիվանի Մարտիրոսեան, 1980 թուականի ծնուած, շարքային Դաւիթ Հելբերտի Ամիրեան։ Եւս մէկ զոհուած զինծառայողի ինքնութիւն դեռ պարզւում է»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյեմբեր 18-ի ուշ երեկոյեան, Շուշիի մէջ ատրպէյճանական կողմը ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի անմիջական միջնորդութեամբ, Արտակարգ Իրավիճակներու պետական ծառայութեան (ԱԻՊԾ) փոխանցած է Նոյեմբեր 16-ին ՀՀ սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կատարած յարձակման հետեւանքով զոհուած 3 հայ զինծառայողի մարմին, յայտնած է Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը:

Նշուած է, որ նախնական տուեալներով մարմինները տարհանուած են Սիւնիքի մարզի Իշխանասար գիւղի վարչական տարածքէն:

Արցախի Ներքին գործոց նախարարութեան արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը մարմինները այսօր՝ Նոյեմբեր 19-ին, տեղափոխած է Երեւան:

ԱԻՊԾ-էն նշած են, որ անոնց ինքնութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը հրապարակէ ՀՀ ռազմական գերատեսչութիւնը:

Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ կը շարունակուին գործուն աշխատանքները՝ մարտերու հետեւանքով գերեվարուածներու վերադարձի եւ անհետ կորածներու յայտնաբերման ուղղութեամբ։

Նոյեմբեր 19-ի ժամը 10։00-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը վերահսկուի ՀՀ զինուած ուժերու կողմէ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment