Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանազատման եւ Սահմանագծման Գործընթացը Տեղէն Չի Շարժիր Ատրպէյճանի Ձգձգման Առիթով․ Փաշինեան

Սահմանազատման եւ Սահմանագծման Գործընթացը Տեղէն Չի Շարժիր Ատրպէյճանի Ձգձգման Առիթով․ Փաշինեան

by MassisPost

«Սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը տեղից չի շարժւում Ատրպէյճանի ձգձգման կամ յստակ պատասխան չտալու առիթով», այսօր՝ Նոյեմբեր 17-ին Ազգային ժողովէն ներս կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ յայտարարեց վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան։

Ազգային ժողովի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Սարգիս Խանդանեան մասնաւորապէս հետաքրքրուեցաւ վարչապետէն, թէ ինչո՞ւ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացը տեղէն չի շարժիր, «ի՞նչ խոչընդոտներ կան այստեղ»։

«Ես դեռեւս 2021-ի Մայիսին յայտարարել եմ, որ պատրաստ եմ ստորագրել այդ պահին սեղանին դրուած առաջարկութիւնը սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց սկսելու վերաբերեալ», – ըսաւ վարչապետը՝ շարունակելով, որ Մայիսէն ի վեր Ռուսաստանը երեք անգամ հանդէս եկած է առաջարկով, Հայաստանն ալ երեք անգամ գործընթացը սկսելու համաձայնութիւն տուած է։

«Սակայն, իմ տպաւորութեամբ, գործընթացը տեղից չի շարժուել Ատրպէյճանի կողմից գործընթացի ձգձգման կամ յստակ պատասխան չտալու առիթով», – ըսաւ Փաշինեան։

Գործադիրի ղեկավարը վերահաստատեց, որ սահմանային իրադրութեան խաղաղ հանգուցալուծումը չափազանց կարեւոր է եւ «նախկինում մեր արած առաջարկութիւններն ուժի մէջ են, այդ թւում՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց սկսելու վերաբերեալ»։

Հայաստան կ’առաջարկէ, որ զօրքերը հայելային տարբերակով ետ քաշուին մինչեւ 2021-ի մայիսեան ներխուժման նախորդող դիրքերը եւ միջազգային հովանիի տակ սկսի սահմաններու սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց:

Երէկ Հայաստանի վարչապետը Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին յայտարարեց, որ Մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանը բռնագրաւած է Հայաստանի շուրջ 41 քառակուսի քիլոմեթր ինքնիշխան տարածք՝ սա որակելով յարձակողականութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment