Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանը Լուրջ Կը Վերաբերի Իր Պարտաւորութիւններուն Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն. Մարիա Զախարովա

Ռուսաստանը Լուրջ Կը Վերաբերի Իր Պարտաւորութիւններուն Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւններուն. Մարիա Զախարովա

by MassisPost

ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Մարիա Զախարովան այսօր, Նոյեմբեր 17-ին մեկնաբանելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ 1997 թուականի երկկողմանի համաձայնագիրն ու ՀԱՊԿ-ի մեքենականութիւնները, յայտարարեց, որ Ռուսաստանը լուրջ կը վերաբերի իր պարտաւորութիւններուն՝ ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի։ Այս մասին յայտնած է Սփութնիկ Արմենիան։

«Երկկողմանի ուղղութեամբ համապատասխան խորհրդակցութիւններ կը կատարուին։ Ինչ կը վերաբերի ՀԱՊԿ-ին, ապա, մեր տեղեկութիւններով, այնտեղ ուշադիր կը հետեւին հայ – ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակին», – ըսած է Զախարովան։

Ռուսաստանը կոչ կ’ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին բոլոր խնդիրները լուծելու դիւանագիտական-քաղաքական միջոցներով,  յայտարարած է  Զախարովան։

«Կը շարունակուի լարուածութեան նուազեցման ուղղուած համատեղ աշխատանքը։ Մենք կոչ կ’ընենք կողմերուն զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ զերծ մնալու նոր միջադէպերէն», – ըսած է Զախարովան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment