Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայկական Կողմը Ունի 1 Զոհ Եւ 13 Գերեվարուած Զինծառայող, 24-Ի Ճակատագիրը Անյայտ Է, Ատրպէյճանը՝ 7 Զոհ Եւ 10 Վիրաւոր

Հայկական Կողմը Ունի 1 Զոհ Եւ 13 Գերեվարուած Զինծառայող, 24-Ի Ճակատագիրը Անյայտ Է, Ատրպէյճանը՝ 7 Զոհ Եւ 10 Վիրաւոր

by MassisPost

Շուրջ 6 ժամ տեւած մարտական գործողութիւններու հետեւանքով հայկական կողմը պաշտօնական տուեալներով ունի մէկ զոհ, իսկ 24 զինուորներու ճակատագիրը այժմ անյայտ է: Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ անոնց հետ կապը կորսուած է մարտական գործողութիւններու ընթացքին։ Այս 24 զինծառայողները յայտնաբերելու աշխատանքները կ’ընթանան, ներգրաւուած են նաեւ ռուս խաղաղապահները։

Կ’ենթադրուի, սակայն, լիարժէք որոնումներ հնարաւոր չէ կատարել, քանի որ Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած տեղանքը անհասանելի է հայկական կողմին համար։ Ատրպէյճանը գերեվարած է նաեւ 13 հայ զինծառայողներ:

«Ռուսական կողմի միջնորդութեամբ ընթանում են բանակցութիւններ՝ ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծման եւ գերեվարուած հայ զինծառայողների վերադարձի շուրջ», – ըսուած է յայտարարութեամբ։

Գերեվարուածներու անուն ազգանունները կան, սակայն ճշտումները կը շարունակուին, ըսած է Սթրասպըրկի դատարանին մօտ հայ գերիներու շահերու ներկայացուցիչ՝ Սիրանուշ Սահակեանը, ծնողներ կան, որոնք Ատրպէյճանի տարածած տեսանիւթերուն մէջ գտած են իրենց որդիները:

«Քաղաքական գործընթացներ լինելու են շատ աշխուժ՝ պայմանաւորուած ռուսական կողմի ներգրաւուածութեամբ, եւ բնականաբար, դրանք նաեւ համատեղւում են իրաւական գործընթացներով, ուղղակի իրաւական գործընթացների համար որոշ փաստերի յստակեցման անհրաժեշտութիւն կայ, որն ընթացքի մէջ է», – ըսաւ Սահակեանը:

Նոյեմբեր 16-ի մարտական գործողութիւններու հետեւանքով զոհուած զինծառայողը 30-ամեայ պայմանագրային Մերուժան Յարութիւնեանն է: Ծնունդով Գիւմրեցի է, պայմանագրային զինծառայութեան մէջ էր եղբօր հետ: Անոր ազգականները ընկերային հարթակներով գրած են, թէ Մերուժանի մարմինը կը տեղափոխուի Գիւմրի, ապա՝ կը յուղարկաւորուի Եռաբլուր: Մերուժան Յարութիւնեանը երկու անչափահաս երեխաներու հայր էր:

Ատրպէյճանը պաշտօնապէս յայտնած է 7 զոհի եւ 10 վիրաւորի մասին։

Նոյեմբեր 16-ի 18:30-ին, արեւելեան սահմանագօտիին վրայ կրակը դադրած է՝ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ: Պաշտպանութեան գերատեսչութեան տեղեկացմամբ՝ այսօր իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն եղած է, կրակի դադրեցման պայմանաւորուածութիւնը կը պահպանուի։

Կիրակի օրուընէ արեւելեան ուղղութիւնը թէժ օճախ դարձած էր, ըստ պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն՝ ատրպէյճանական ստորաբաժանումները խորացած էին դէպի հայկական տարածքներ, շրջափակած 4 հայկական մարտադիրք: Երէկ ալ Սիւնիքի Իշխանասարի ու Ծիծեռնաքարի լեռնային հատուածին Ատրպէյճանի հսկողութեան տակ անցած է եւս երկու մարտական յենակէտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment