Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փեսկով․ Ռուս-Հայ-Ատրպէյճանական Նոր Գագաթնաժողովի Համար Անհրաժեշտ Է Բոլոր Երեք Ղեկավարներու Համաձայնութիւնը

Փեսկով․ Ռուս-Հայ-Ատրպէյճանական Նոր Գագաթնաժողովի Համար Անհրաժեշտ Է Բոլոր Երեք Ղեկավարներու Համաձայնութիւնը

by MassisPost

«Քրեմլինը չի բացառեր Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու նոր հանդիպման կայացումը»։ Այդ մասին այսօր՝ Նոյեմբեր 17-ին, պատասխանելով լրագրողներու հարցերուն, նշած է Ռուսաստանի նախագահի մամլոյ խօսնակ՝ Տմիթրի Փեսքովը՝ ընդգծելով, սակայն, որ նման բանակցութիւններ վարելու համար անհրաժեշտ է բոլոր երեք երկիրներու ղեկավարներու համաձայնութիւնը։

«Կասկած չկայ, որ ինչ որ փուլի մը ժամանակ անհրաժեշտ պիտի ըլլան շփումները։ Բայց որպէսզի անոնք հնարաւոր դառնան, անհրաժեշտ է բոլոր երեք կողմերու համաձայնութիւնն ու պատրաստակամութիւնը», – յայտարարած է Քրեմլինի պաշտօնական ներկայացուցիչը։

Խօսելով երէկ տեղի ունեցած սահմանային մարտերու մասին՝ Փեսքովը յիշեցուցած է, որ անոնց դադրեցման գործով որոշիչ դերակատարութիւն ունեցած է պաշտօնական Մոսկուան։ «Գործուն ջանքեր կը գործադրէր նախ եւ առաջ նախագահ՝ Փութինը։ Երէկ ան զրուցած է Հայաստանի վարչապետին հետ։ Այդ միջնորդական ջանքերու շնորհիւ հնարաւոր եղաւ կողմերուն զսպուածութեան կոչ ընել։ Ռուսական կողմը հետագային եւս կ’ընէ այդ», – յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահի խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment