Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արշակ Կարապետեանը Պաշտօնանկ Եղաւ․ Անոր Կը Փոխարինէ Սուրէն Պապիկեանը

Արշակ Կարապետեանը Պաշտօնանկ Եղաւ․ Անոր Կը Փոխարինէ Սուրէն Պապիկեանը

by MassisPost

Պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան պաշտօնանկ եղաւ։ Ան այդ պաշտօնը կը գրաւէր 2021-ի Օգոստոսէն։

Կարապետեանին կը փոխարինէ փոխվարչապետ՝ Սուրէն Պապիկեանը, որ ազատուեցաւ փոխվարչապետի պաշտօնէն։

Նախագահ՝ Արմէն Սարգսեան երեք հրամանագիրները ստորագրած է այսօր՝ Նոյեմբեր 15-ին, հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկութիւնը։

Կարապետեանի հրաժարականին նախորդած էին միջադէպեր․ երէկ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ատրպէյճանական զինուած ստորաբաժանումները փորձած են դիրքային առաջխաղացում ապահովել հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ, որու հետեւանքով սկսած է ուժգին փոխհրաձգութիւն։ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հերթին հաղորդեց Հայաստանի զինուած ուժերու կողմէն հրադադարի ռեժիմի խախտման մասին։ Երկու կողմերն ալ նշած են, որ տուժածներ չունին:

Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան, ռուսական կողմի միջնորդութեամբ, կ’ընթանան բանակցութիւններ՝ իրադրութեան հանգուցալուծման ուղղութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment