Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախցի Կանայք Հանդիպած Են ՌԴ Խաղաղապահ Զօրքերու Հրամանատարին Հետ Եւ Նամակ Փոխանցած

Արցախցի Կանայք Հանդիպած Են ՌԴ Խաղաղապահ Զօրքերու Հրամանատարին Հետ Եւ Նամակ Փոխանցած

by MassisPost

Նոյեմբեր 12-ին արցախցի խումբ մը կանայք հանդիպած են ՌԴ խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար, զօրավար՝ Գ. Վ. Անաշքինին հետ արտայայտելու  իրենց մտահոգութիւնները վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ կատարուող եւ անպատիժ մնացող սանձարձակութիւններու եւ ոճրագործութիւններու վերաբերեալ։ Այս մասին իր դիմատետրեան էջով յայտնած է Ստեփանակերտի բնակչուհի՝ Արմինէ Աւագիմեան։

«Ուզում ենք տեղեկացնել, որ երէկ՝ Նոյեմբերի 10-ին, արցախցի մի խումբ կանանցով նախաձեռնել ենք հանդիպում ՌԴ խաղաղապահ զօրքերի հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Գ. Վ. Անաշքինի հետ՝ արտայայտելու մեր մտահոգութիւնը վերջին շրջանում Ատրպէյճանի կողմից իրականացուող եւ անպատիժ մնացող սանձարձակութիւնների, ոճրագործութիւնների վերաբերեալ։ Բարձրաձայնել ենք գործող անվտանգութեան մեքենականութիւնների վերանայման անհրաժեշտութիւնը, հրատապ ու կենսական նշանակութեան մի շարք այլ հիմնախնդիրներ», – գրած է ան։

Անոնք նաեւ նամակ փոխանցած են Անաշքինին՝ նշելով իրենց մտահոգութիւններու մասին։ Նամակին մէջ, անդրադարձ կատարելով Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն յետոյ արցախահայութեան դէմ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած 56 յանցագործութիւններուն, նշուած է, որ ատրպէյճանական կողմի վարքագիծը ահաբեկչական բնոյթ ունի, որմէ արցախահայութիւնը պէտք է պաշտպանեն ՌԴ խաղաղապահներն ու հայ զինուորները։ Կանայք կոչ ըրած են աւելի խիստ միջոցառումներ ձեռնարկելու եւ հրապարակային պատժամիջոցներ կիրառելու ատրպէյճանական կողմի հանդէպ՝ անոնց վարքագիծին համար։

Նամակով  բարձրաձայնուած խնդիրներէն մէկը կը վերաբերի Ստեփանակերտը սնուցող ջրամբարին։

«Այսօր Արցախը սնուցող ջրային միջոցների մեծ մասը գտնւում է Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ։ Այս պատճառով ջրի պաշարները բնակչութեան համար ոչ միայն մի քանի անգամ կրճատուել են, այլեւ  Ստեփանակերտը սնուցող ջրամբարը, որը գտնւում է չէզոք գօտում, շատ խոցելի է եւ կարող է թունաւորուել ատրպէյճանցիների կողմից»,- նշուած է նամակով։

Կանայք կ’ակնկալեն, որ նամակին մէջ թուարկուած հարցերուն լուծումներ կը ստանան։

«Խնդրում ենք ներկայացնել մեզ, թէ թուարկուած կենսական նշանակութեան եւ հրատապ հարցերին ինչ լուծումներ, երաշխիքներ էք առաջարկում, արդեօ՞ք ատրպէյճանցիների այս անպատժելիութիւնը շարունակական է լինելու, որպէսզի տարբեր ենթադրութիւնների տեղիք չլինի հայ-ռուսական բազմադարեայ եղբայրութեան, համագործակցութեան եւ մասնաւորապէս՝ ձեր խաղաղապահ առաքելութեան  իրականացման կամքի եւ անշահախնդիր իրականացման, ռուս խաղաղապահի միջազգային բարձր հեղինակութեան պահպանման գործում», – նշուած է նամակով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment