Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստանի Բացատրութիւնները Եւ Ընդդիմադրութեան Ձախողումը

Ռուսաստանի Բացատրութիւնները Եւ Ընդդիմադրութեան Ձախողումը

by MassisPost

44-օրեայ պատերազմի աւարտի առաջին տարելիցին առթիւ Ռուսաստանի կողմէ հնչեցին բաւականին ուշագրաւ յայտարարութիւններ, որոնք եկան ցոյց տալու թէ, որքան զգայուն դարձած է Մոսկուան Հայաստանի հասարակութեան մօտ իր նկատմամբ ձեւաւորուող հանրային կարծիքին նկատմամբ, նոյն ատեն համաձայնելով Երեւանի պաշտօնական կեցուածքին հետ` կապուած տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման եւ իւրաքանչիւր կողմի ինքնիշխանութեան վերաբերեալ:

Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք այցելելով Երեւան յայտարարեց, որ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ճանապարհներու ապաշրջափակման հարցով լուծումները առաջին հերթին կը հիմնուին այն հանգամանքին վրայ, որ այդ ճանապարհներու ինքնիշխանութիւնը պիտի մնայ իւրաքանչիւր պետութեան: Այսպիսով Մոսկուա կու գայ համաձայնելու  Հայկական կողմի բազմիցս հնչեցուցած այն դիրքորոշման հետ, որ Հայաստանի ինքնիշխան հողին վրայ Ատրպէյճանին միջանցք տրամադրելու հարցը իր օրակարգին վրայ չկայ ու չի կրնար ըլլալ:

Երկրորդ յայտարարութիւնը, որ հրապարակուեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կողմէ, կ’անդրադառնայ Հայ-Ռուսական յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանէն ներս Մոսկուայի նկրտումներուն: ՙԵռակողմ յայտարարութիւնը ընդունելէն մէկ տարի անց կարելի է վստահ հերքել ընկերային ցանցերով եւ համացանցային միջոցներով հաղորդումները այն մասին, որ, Ռուսաստանի խաղաղապահ ջանքերը ուղղուած էին Լեռնային Ղարաբաղը անջատելուն, Ատրպէյճանին յանձնելուն, Հայաստանը հովանաւորուողի վերածելուն: Նմանօրինակ յայտարարութիւնները կը կրեն ժողովրդական բնոյթ, կը կատարեն ակնյայտ արտաքին պատուէր եւ իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունինՙ, ըսուած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական յայտարարութեան մէջ: Այս առթիւ Մոսկուան չէ մոռցած նաեւ Հայ եւ միջազգային կառոյցներուն ըսելու որ, ինք մենաշնորհը չունի տարածաշրջանի հարցերու լուծման գծով եւ պատրաստ է շարունակել ջանքերը` ԵԱՀԿ Մինսկի Խումբի շրջագիծէն ներս, որուն եռանախագահութեան անդամ են, Ռուսաստանի կողքին` Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսան: Այսպիսով Մոսկուան կը հրաւիրէ այդ երկու պետութիւնները, որոնք իրենց դիրքորոշումներով աւելի մօտ են Հայաստանի տեսակէտներուն, միասնաբար գործելու Արցախեան հարցի  լուծման ուղղութեամբ:

Յաջորդական այս յայտարարութիւնները կու գան ամրապնդելու Հայկական կողմի դիրքորոշումները եւ ցոյց տալու թէ, Երեւան-Մոսկուա մնայուն շփումները` ամենաբարձր մակարդակով, կու տան իրենց պտուղները, այն աստիճան որ Քրեմլին պարտաւորուած կÿզգայ հերքելու Արցախի նկատմամբ իր հասցէին հնչող մեղադրանքները:

Այսպիսով սնանկութեան նոր փաստի առջեւ կը կանգնին նաեւ Հայաստանի խորհրդարանական ու արտախորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը, որոնք ամիսներէ ի վեր կը «գուշակէին»  նոր համաձայնութեան ստորագրում, Ատրպէյճանին «Զանգեզուրի միջանցքի» տրամադրում, Արցախէն հրաժարում եւայլն, եւայլն:

Հետեւաբար, անակնկալ չէր երբ Նոյեմբեր 8-ին, «Հայաստան» դաշինքի հրաւիրած հանրահաւաքը մատնուեցաւ լիակատար ձախողումի: Հայաստանի հասարակութիւնը իր ունեցած բոլոր դժգոհութիւններով հանդերձ, պատրաստ չէ միանալու Քոչարեանի գլխաւորած որեւէ շարժումի կամ«համազգային դիմադրութեան»: Տակաւին հինգ ամիս առաջ ժողովուրդը ըսաւ իր խօսքը` քուէատուփի միջոցաւ, իսկ նոր արտահերթ ընտրութիւններ բացառուած են, որքան որ ալ այդ մասին երազեն ու խօսին 20 տարի երկիրը կողոպտած դաւադիր այդ շրջանակները:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment