Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանի Կողմէ Որեւէ Սահմանային Հսկողութիւն Չիրագործելու Գինը Պիտի Ըլլար Միջանցքային Տրամաբանութիւնը․ Փաշինեան

Ատրպէյճանի Կողմէ Որեւէ Սահմանային Հսկողութիւն Չիրագործելու Գինը Պիտի Ըլլար Միջանցքային Տրամաբանութիւնը․ Փաշինեան

by MassisPost

«Հայաստանի քաղաքացիների եւ բեռների նկատմամբ Գորիս-Կապան ճանապարհի Էյվազլիի հատուածում Ատրպէյճանի կողմից որեւէ սահմանային հսկողութիւն չիրականացնելու գինը լինելու էր միջանցքային տրամաբանութիւնը», այսօր կառավարութեան նիստի մեկնարկին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այդ անընդունելի որակելով։

«Տարածաշրջանային հաղորդակցութիւնների վերաբերեալ Հայաստանի Հանրապետութեան դիրքորոշումը մշտապէս եղել է այն, որ դրանք պէտք է վերաբացուեն՝ առանց որեւէ արտատարածքային համաթեքսթի եւ համապատասխան մաքսային եւ անձնագրային հսկողութեամբ, այսինքն՝ երբեւէ չենք քննարկել ու չենք քննարկելու որեւէ միջանցքային տրամաբանութիւն, ինչպէս նախկինում մի քանի անգամ յայտարարել ենք», – ընդգծեց վարչապետը՝ շեշտելով, որ սա հաստատուած է փոխվարչապետներու եռակողմ՝ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան ձեւաչափով եւ զայն հրապարակային հաստատած է նաեւ Ռուսաստանը։

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական կողմը Նոյեմբեր 10-ին տեղեկացուցած է, որ Նոյեմբեր 11-ի լոյս գիշերուընէ Գորիս-Կապան ճանապարհի Էյվազլիի հատուածին մաքսային, անձնագրային հսկողութիւն կ’իրագործուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու եւ բեռներու նկատմամբ։ Ատրպէյճանը Օգոստոսէն ճանապարհի այդ հատուածին մաքսային տուրքեր կը գանձէ իրանցի վարորդներէ։

Հայաստանը, Փաշինեանի խօսքով, նոյնպէս ըստ անհրաժեշտութեան՝ մաքսային եւ անձնագրային հսկողութեան կէտեր կը տեղադրէ, իսկ այդ հատուածով երթեւեկող քաղաքացիները վարչապետը յորդորեց օգտուիլ Կապան-Աղվանի-Տաթեւ-Հալիձոր-Շինուհայր Մ2 ճանապարհէն, որ շահագործման յանձնուած է նախորդ շաբաթ։ Իրանական բեռնատարներու համար իրադրութիւնը չէ փոխուած, այն տարբերութեամբ, որ անոնք հիմա կրնան երթեւեկել Տաթեւ-Աղվանի ճանապարհով՝ առանց լրացուցիչ մաքսատուրքի։

Գործադիրի ղեկավարը տեղեկացուց, որ Կապան-Տաթեւ հատուածով անցած է շուրջ 100 կցորդիչով բեռնատար։

Վարչապետը վերահաստատեց, որ Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Նոյեմբեր 9-ի եւ Յունուար 11-ի յայտարարութիւններու դրոյթներուն՝ մասնաւորապէս ընդգծելով տարածշրջանի բոլոր փոխադրային եւ տնտեսական հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը։

«Յոյս ունենք առաջիկայում հասնել յստակ լուծումների՝ եռակողմ աշխատանքային խմբում համաձայնեցուած եւ յայտարարուած սկզբունքների հիման վրայ», – ըսաւ Հայաստանի ղեկավարը՝ եզրափակելով․ – «Հայաստանի շուրջ նոր միջավայր է ձեւաւորուում, եւ մենք պիտի ամէն ինչ անենք, որ այդ միջավայրը հնարաւորինս համապատասխան լինի մեր երկարաժամկէտ ռազմավարական շահերին: Եւ մենք գնում ենք այդ ճանապարհով»։

Տաթեւ-Աղվանի ճանապարհի կառուցման աւարտին զուգահեռ ատրպէյճանական կողմը այսօր՝ Նոյեմբեր 11-էն սկսեալ մաքսակէտեր կը տեղադրէ Գորիս-Կապան ճանապարհի՝ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածը:

Այդ է պատճառը, որ Հայաստանի ԱԱԾ սահմանապահ ծառայողները այսօրուընէ հայկական համարանիշներով ինքնաշարժները արդէն արգիլած են այս ճանապարհով երթեւեկել:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment