Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Մասնակցած Է ԱՊՀ Պաշտպանութեան Նախարարներու Խորհուրդի Հերթական Նիստին

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Մասնակցած Է ԱՊՀ Պաշտպանութեան Նախարարներու Խորհուրդի Հերթական Նիստին

by MassisPost

Աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա գտնուող Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Արշակ Կարապետեան մասնակցած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի հերթական նիստին:

Նիստի ընթացքին քննարկուած է օրակարգային 20-էն աւելի հարց, անոնց կարգին՝ պաշտպանական ոլորտի բազմակողմ փոխգործակցութեան զարգացման, Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) միացեալ համակարգի «Տարածաշրջանային անվտանգութիւն-2022» համատեղ համակարգչային հրամանատարաշտապային զօրավարժութեան կայացման, ՌՔԿՊ (Ճառագայթում, քիմիական եւ կենսաբանական պաշտպանութիւն) զօրքերու՝ համաճարակի դէմ ուղղուած պայքարի, համատեղ երկրաչափական ստորաբաժանումներու մարդասիրական ականազերծման, զինուած ուժերու համար զինուորական անձնակազմերու համատեղ պատրաստման, ընթացիկ տարուայ կայացած միջազգային բանակային խաղերու արդիւնքներու եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:

Նիստի աւարտին ստորագրուած են ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի բոլոր որոշումները, ներառեալ՝ նաեւ 2022 թուականի աշխատանքային ծրագիրը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment