Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԳՆ-ի Յայտարարութիւն. Հակամարտութեան Լուծումը Կ’ենթադրէ Արցախի Կարգավիճակի Յստակացում

ԱԳՆ-ի Յայտարարութիւն. Հակամարտութեան Լուծումը Կ’ենթադրէ Արցախի Կարգավիճակի Յստակացում

by MassisPost

Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման տարելիցին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ հակամարտութեան լուծումը կ’ենթադրէ Արցախի կարգավիճակի յստակացում եւ տեղահանուած արցախահայութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի ողջ տարածքին իրենց բնակավայրեր անվտանգ վերադարձի ապահովում։

Ընդ որում՝ Հայաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը շեշտած է, որ բանակցութիւններ հնարաւոր են միայն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան մանտաթի ներքոյ։

Հայաստանը վերահաստատած է պատրաստակամութիւնը գործնական ջանքեր գործադրելու տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղ զարգացման դարաշրջանի բացման ուղղութեամբ՝ միեւնոյն ժամանակ անհրաժեշտ համարելով, որ Ատրպէյճանը եւս կառուցողական դիրքորոշում որդեգրէ՝ հրաժարելով յարձակողական հռետորաբանութենէն ու գործողութիւններէն։

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գերատեսչութիւնը Նոյեմբեր 9-ի առաջին ամեակի յայտարարութեան մէջ իր հերթին ընդգծած է, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ատրպէյճանի կազմէն ներս։ Խաղաղութեան հաստատման անկիւնաքարը, ըստ Ստեփանակերտին, Արցախի ժողովուրդի արդէն իրացրած ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչումն է եւ այն տարածքներու ապաբռնագրաւում, ուր արցախահայութիւնը ինքնորոշուած է։

Երեւանը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքներու բռնագրաւումի մասին այսօրուայ յայտարարութեան մէջ չէ յիշատակած։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment