Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած Է Արցախի Նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած Է Արցախի Նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանին Հետ

by MassisPost

«Կարեւոր են քննարկումները Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետագայ տեսլականի վերաբերեալ», Նոյեմբեր 3-ին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդունելով Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Մենք կարեւոր ենք համարում, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան շրջանակում բանակցային լիարժէք գործընթացը վերականգնուի, որտեղ, ինչպէս նաեւ համանախագահներն են ընդգծել մի քանի անգամ, յայտնի սկզբունքների հիման վրայ, այդ թւում՝ ազգերի ինքնորոշման իրաւունքի, տեղի ունենայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը՝ վերջնական եւ համապարփակ եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի ճշգրտումը», – ըսած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Արայիկ Յարութիւնեան իր հերթին շեշտած է, որ Արցախի քաղաքական լուծման ճանապարհէն չեն շեղուած, եւ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը, որպէս գլխաւոր քաղաքական լուծման ուղղութիւն, կը շարունակեն պահպանել, եւ միջազգային խաղացողները, անոնց կարգին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը կը շարունակէ որպէս միջնորդ ըլլալ, եւ օրակարգին վրայ, Ղարաբաղեան խնդրի լուծման առումով, հիմքը դրուած է նաեւ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը:

Խօսելով 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն յետոյ Արցախի մէջ կատարուող աշխատանքներուն մասին Փաշինեան ընդգծած է, որ այս ընթացքին Արցախի կառավարութիւնը Հայաստանի կառավարութեան հետ, յաջողած է Արցախի մէջ բնականոն կեանքի վերականգնման ուղղութեամբ շատ յստակ աշխատանքներ իրագործել։

Ի հարկէ կատարուածը վարչապետը գոհացուցիչ չէ գնահատած՝ նշելով, որ զուտ աջակցութեան ծրագիրները, պէտք է փոխարինել զարգացման ծրագիրներով:

Յարութիւնեան տեղեկացուցած է, որ մինչեւ տարեվերջ, առնուազն 300 նորակառոյց բնակարան միայն Ստեփանակերտի մէջ կը յանձնեն շահագործման, հազարաւոր բնակարաններու հիմքեր ալ դրուած են, եւ մինչեւ եկող տարեվերջ առնուազն 2500-3000 բնակարան աւարտած կ’ըլլան։

Արայիկ Յարութիւնեան նշած է, որ Արցախի բնակարանաշինութեան ու ընկերային ծրագիրները կ’իրագործուին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Արցախին տրամադրուող գումարներու շրջածիրէն ներս, ինչպէս նաեւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ հանգանակած գումարներով։

Արցախի նախագահը համոզմունք յայտնած է, որ 2-3 տարուայ ընթացքին, ամբողջութեամբ կը լուծեն բնակարանային եւ անհրաժեշտ մնացած ենթակառուցուածքային եւ ընկերային խնդիրները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment