Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՍԴ-ը Սահմանադրական Ճանչցած Է Օննիկ Գասպարեանի Պաշտօնանկութեան Հիմք Հանդիսացած Յօդուածը

ՍԴ-ը Սահմանադրական Ճանչցած Է Օննիկ Գասպարեանի Պաշտօնանկութեան Հիմք Հանդիսացած Յօդուածը

by MassisPost

«Սահմանադրական դատարանը սահմանադրական է ճանաչել «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի 40-րդ յօդուածի 3-րդ մասը»։ Այս մասին «Ազատութիւն»ին յայտնեց բարձր դատարանի մամլոյ քարտուղար՝ Եւա Թովմասեան։

Հայաստանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ՝ Օննիկ Գասպարեանի պաշտօնանկութեան հիմք հանդիսացած յօդուածի վերաբերեալ Սահմանադրական դատարանի կայացուցած որոշումը երեք օրուայ ընթացքին կը հրապարակուի ՍԴ պաշտօնական կայքէջը։

«Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» օրէնքի 40-րդ յօդուածի 3-րդ մասը կը սահմանէ պայմանագրային զինծառայողը զինուորական պաշտօնէն ազատելը՝ նշանակուած պաշտօնին չհամապատասխանելու կամ կարգապահական տոյժի կարգով։

Օրէնքի տուեալ դրոյթի սահմանադրականութեան հարցով դեռ այս տարուայ Մարտին, բարձր դատարան դիմած էր Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ երկու անգամ հրաժարած էր ստորագրելէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայացուցած համապատասխան հրամանագրի նախագիծը, եւ այն ուժի մէջ մտած էր օրէնքի ուժով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment