Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ճէյհուն Պայրամովը Չի Բացառեր Իլհամ Ալիեւի Եւ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպման Հնարաւորութիւնը

Ճէյհուն Պայրամովը Չի Բացառեր Իլհամ Ալիեւի Եւ Նիկոլ Փաշինեանի Հանդիպման Հնարաւորութիւնը

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար՝ Ճէյհուն Պայրամով այսօր՝ Նոյեմբեր 4-ին ըսած է, որ ինք տեղեկութիւն չունի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հնարաւոր հանդիպման մասին` միեւնոյն ժամանակ աեւլցնելով, որ կարելի չէ բացառել ապագային նման հանդիպման կայացումը:

«Ոչ մէկ տեղեկութիւն Ալիեւ-Փաշինեան հանդիպման մասին չկայ»,- այսօր լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Պայրամովը:

Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւը Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ անցեալ տարուայ Նոյեմբեր 9-ին հեռավար կարգով համաձայնեցուցած են պատերազմը աւարտելու յայտարարութիւնը:

Այս տարուայ Յունուար 11-ին երեք ղեկավարները հանդիպած են Մոսկուայի մէջ, ուր համաձայնեցուցած են տարածաշրջանի փոխադրային ուղիները վերագործարկելու հարցը: Անկէ յետոյ հայ-ռուս-ատրպէյճանական հանդիպումները շարունակուած են երեք երկիրներու փոխվարչապետներու մակարդակով:

Բացի այդ, այս տարուայ Սեպտեմբեր 23-ին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու մասնակցութեամբ Նիու Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր գագաթնաժողովի 76-րդ նստաշրջանի ծիրէն ներս, հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներ՝ Արարատ Միրզոյեանը եւ Ճէյհուն Պայրամովը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment