Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամ»Ը Կը Շարունակէ Օժանդակել Հայաստանի Կառավարութեան Նախաձեռնած Բարեփոխութիւններու Օրակարգին

«Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամ»Ը Կը Շարունակէ Օժանդակել Հայաստանի Կառավարութեան Նախաձեռնած Բարեփոխութիւններու Օրակարգին

by MassisPost

«Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը (ԱՄՀ) կը շարունակի օժանդակել Հայաստանի կառավարութեան նախաձեռնած բարեփոխումների օրակարգին», յայտարարած է ԱՄՀ հայաստանեան առաքելութեան ղեկավարը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Նաթան Փորթըրը։

ԱՄՀ հայաստանեան առաքելութեան ղեկավարը նշած է, որ պատրաստ են օժանդակել մասնաւորապէս դրամավարկային եւ հարկապիւտճէտային քաղաքականութեան լաւարկման, հանրային-մասնաւոր ներդրումներու համակարգի եւ գործարար միջավայրի ուժեղացման, ենթակառուցուածքներու բարելաւման, կրթութեան ոլորտի ռազմավարութեան իրագործման, կառավարման թափանցիկութեան բարձրացման, թիրախային միջոցառումներու եւ ծրագիրներու մշակման, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման ուղղութեամբ:

ԱՄՀ-ի հետ գործընկերութիւնը եւ նպատակային ծրագիրները, յատկապէս յետպատերազմեան շրջանին, նպաստեցին մաքրոտնտեսական կայունութեան պահպանման Հայաստանի մէջ, իր հերթին ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ շեշտելով՝ Հայաստանը պատրաստ է քննարկել հետագայ համատեղ ընելիքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment