Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այս Պահուն Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Բանակցային Գործընթաց Դեռ Չ’ Ընթանար. Արարատ Միրզոյեան

Այս Պահուն Թուրքիոյ Հետ Որեւէ Բանակցային Գործընթաց Դեռ Չ’ Ընթանար. Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

«Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը շարունակում է մնալ չլուծուած եւ պէտք է ստանայ համապարփակ կարգաւորում՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահութեան մանտաթի շրջանակներում խաղաղ բանակցութիւնների միջոցով», «Nouvelles d’Arménie» ամսագրի հետ հարցազրոյցին ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:

Ան շեշտած է, որ չնայած Ատրպէյճանը կը շարունակէ յայտարարել, որ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն գոյութիւն չունին, սակայն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ այլ պետութիւններ կը կիսեն հայկական կողմի վերոնշեալ դիրքորոշումը:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս է գալիս հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի լիարժէք վերսկսման դիրքերից», – նշած է Արարատ Միրզոյեան` այս առումով կարեւորելով Նիւ Եորքի համանախագահներու ու Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարին հետ հանդիպումը:

Իրավիճակը կը շարունակէ փխրուն մնալ` չնայած Նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեան, ըսած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը` այդ պայմանաւորելով Ատրպէյճանի կողմէ այդ յայտարարութեամբ ստանձնած որոշ յանձնառութիւններ չկատարելով: Մասնաւորապէս, Միրզոյեան խօսած է Ատրպէյճանի մէջ ռազմագերիներ եւ քաղաքացիական անձեր պահելու, ինչպէս նաեւ իր իսկ ձեւակերպմամբ` այդ երկրի «ռազմատենչ ու ծաւալապաշտական հռետորաբանութեամբ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքների նկատմամբ նկրտումներով եւ ուժի կիրառման նոր սպառնալիքով»:

Այնուամենայնիւ, Հայաստանը կը շարունակէ իր ջանքերը տարածաշրջանին մէջ տեւական կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ, հաւաստիացուցած է նախարարը. «Վստահ եմ, որ միւս երկրների կողմից համապատասխան քաղաքական կամքի դրսեւորման եւ կառուցողական քայլերի իրականացման պարագայում կը ստեղծուեն բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները՝ վերոնշեալ օրակարգի շուրջ աշխոյժ քննարկումներ սկսելու համար»։

Լրագրողը հետաքրքրուած է նաեւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու մասին եւ հարցուցած, թէ արդեօք տեսանելի ապագային կարելի է այս առումով զարգացումներու սպասել:

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների բացակայութիւնը, փակ սահմանները, ինչպէս նաեւ 44-օրեայ պատերազմում Թուրքիոյ բացայայտ ներգրաւուածութիւնը, այս օրերին Թուրքիայից այսպէս կոչուած «Զանգեզուրեան միջանցքի» վերաբերեալ հնչող յայտարարութիւնները իրենց բացասական ազդեցութիւնն են ունենում տարածաշրջանում կայունութեան վրայ», – շեշտած է Արարատ Միրզոյեանը` յայտնելով նաեւ, որ այս պահուն Թուրքիոյ հետ որեւէ բանակցային գործընթաց դեռ չ’ընթանար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment