Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Անցեալ Չորս Ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Գրեթէ $4 Միլիոնի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Հայթայթած Է Հայաստանին Ու Արցախին

Անցեալ Չորս Ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Գրեթէ $4 Միլիոնի Մարդասիրական Օժանդակութիւն Հայթայթած Է Հայաստանին Ու Արցախին

by MassisPost

Յուլիսէն Սեպտեմբեր 2021-ի ընթացքին, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը գրեթէ $4 միլիոն արժողութեամբ մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Սոյն օժանդակութիւնը ամբողջութեամբ նուիրուած է Direct Relief կազմակերպութան կողէ։

Direct Relief-ի նուիրած դեղորայքը, բժշկական պիտոյքներն ու ընթերցանութեան ակնոցները առաքուած են Հայաստանի ու Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ռ. Յոլյանի անուան Արիւնաբանական Կեդրոնին՝ Երեւան։

2021-ի առաջին տասը ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը հայրենիք ուղարկած է $25 միլիոն ընդհանուր արժէքով բժշկական օգնութիւն, ներառեալ

COVID-19-է վարակուած հիւանդներու խնամքին համար հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ, ինչպէս նաեւ դեղեր ու բժշկական պիտոյքներ՝ քաղցկեղէ, սրտի եւ ստամոքս-աղիքային հիւանդութիւններէ տառապողներու համար, առաւել ամբողջ նաւային արկղ մը առողջաբանական (hygiene) պիտոյքներ եւ ընթերցանութեան ակնոցներ։

Անցեալ 32 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $942 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն՝ 158 թռիչքներով եւ 2,512 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment