Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 3 Միլիոն ԱՄՆ Տոլար Կաշառք Վերցնելու Մէջ Մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանը Չէր Ներկայացած Դատական Նիստին

3 Միլիոն ԱՄՆ Տոլար Կաշառք Վերցնելու Մէջ Մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանը Չէր Ներկայացած Դատական Նիստին

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանէն ներս շարունակուեցաւ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Արմէն Գէորգեանի՝ կաշառքի գործով հերթական դատական նիստը։

Նիստին ներկայ չէին Արմէն Գէորգեանի պաշտպան Քոչուպաեւը՝ այլ դատական նիստ ըլլալու պատճառով եւ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ, ըստ Քոչարեանի պաշտպան Հայկ Ալումեանին, «Քորոնա» ժահրի հետազօտութիւն կատարած է, քանի որ Քոչարեանի հարազատներէն մէկուն մօտ յայտնաբերուած է «Քորոնա» ժահր, իսկ Ռոպերթ Քոչարեանը շփումներ ունեցած է այդ հարազատին հետ։
Դատաւոր Աննա Տանիպեկեանը, հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, յետաձգեց դատական նիստը մինչեւ Նոյեմբեր 9-ը։

Յիշեցնենք, որ Ռոպերթ Քոչարեանին այս գործով առանձնապէս խոշոր չափերու կաշառքի մեղադրանք ներկայացուած է, իսկ նախկին փոխ վարչապետ Արմէն Գէորգեանին՝ փողերու լուացման:

Յիշեցնենք նաեւ, որ համաձայն Datalex դատական տեղեկատուական համակարգին մէջ առկայ մեղադրական համառօտ եզրակացութեան, Ռոպերթ Քոչարեանը գրաւելով ՀՀ Նախագահի պաշտօնը իր պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով «Թի Էս Էս Սի Արմենիա» ՍՊ ընկերութեան միակ մասնակից եւ տնօրէն Սիլվա Համբարձումեանի օգտին գործողութիւններ կատարելուն նպաստելու, այն է՝ այդ ընկերութեան տրամադրուած ընդերքը օգտակար հանածոներու շահագործման նպատակով ուսումնասիրութեան յատուկ արտօնագիրներով ընկերութեան 100 տոկոս բաժնեմասը ՀՀ-ի մէջ բնակութիւն չունեցող ընկերութեան վաճառելու գործարքը չխոչընդոտելու համար, 2008 թուականի Փետրուարին եւ Մայիսին Սամուէլ Մայրապետեանի օժանդակութեամբ անկէ ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 927․000․000 ՀՀ դրամին համարժէք 3․000․000 ԱՄՆ տոլար կաշառք։

Արմէն Գէորգեանին մեղադրանք առաջադրուած է այն բանի համար, որ հանդիսանալով պետական մարմնին մէջ տեւական կազմակերպչական-տնօրինչական գործառոյթներ կատարող պաշտօնատար անձ, «Թի Էս Էս Սի Արմենիա» ՍՊ ընկերութեան միակ մասնակից ու տնօրէն Սիլվա Համբարձումեանի օգտին գործողութիւններ կատարելուն նպաստելու, այն է՝ այդ ընկերութեան տրամադրուած ընդերքը օգտակար հանածոներու շահագործման նպատակով ուսումնասիրութեան յատուկ արտօնագիրներով ընկերութեան 100 տոկոս բաժնեմասը ՀՀ-ի մէջ բնակութիւն չունեցող ընկերութեան վճարելու գործարքը չխոչընդոտելու համար, 2008-ի Ապրիլին Սամուէլ Մայրապետեանի օժանդակութեամբ անկէ ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 309․000․000 ՀՀ դրամին համարժէք 1․000․000 ԱՄՆ տոլար կաշառք, ինչպէս նաեւ նոյն ժամանակ թաքցնելով ու խեղաթիւրելով նշուած գումարի իրական բնոյթն ու ծագումը՝ օրինականացուցած է առանձնապէս խոշոր չափերով յանցաւոր ճանապարհով ստացուած եկամուտները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment