Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Արցախը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Տարեժողովին եւ Ճաշկերոյթին Սրտին Մէջ

Արցախը Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Տարեժողովին եւ Ճաշկերոյթին Սրտին Մէջ

by MassisPost

Ֆրէզնոյի մէջ կայացող Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան 102րդ Տարժողովի օրերու կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկը Շաբաթ, Հոկտ. 1-ի երեկոյան տեղի ունեցող ճաշկերոյթն էր նուիրուած Արցախի Հանրապետութեան՝ տեղւոյն Առաջին Հայ Երիցական Եկեղեցիին մէջ։

Ճաշկերոյթի հիւրերը իրենք զիրենք գտան աշնանային գոյներով եւ զարդանաշխերով զարդարուած Եկեղեցիի հանդիսասրահին մէջ։ Ճաշկերոյթի համահովանաւորներ եւ համանախագահներ Տօքթ. Ճան եւ ԼինտաՔէյ (Պետրոսեան) Ապտուլեանները սիրով ողջունեցին ներկաները։ «National Raisin» Ընկերութեան Նախագահ եւ Աւետարանչականի Խորհուրդի անդամ Տիկին Ապտուլեան ծառայեց որպէս հանդիսավար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Աւետարանչականի Նախագահ Տօքթ. Նազարէթ Տարագճեանին եւ Գործադիր Տնօրէն Զաւէն Խանճեանին իրենց ծառայողական ղեկավարութեան համար։

Ծնունդով Վանաձորցի Թենոր Միսակ Իսրայելյան իր յուզիչ մեկնաբանութեամբ կատարեց Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգները եւ Բացման Աղօթքը մատուց Եկեղեցիի Աւագ Հովիւ՝ Վեր. Կրէկ Յարութիւնեան։

Bedrosian family displays a painting of Camp Bedrosian in Shushi (1)

Յայտագրի առաջին մասով ներկաներուն ցուցադրուեցաւ տեսահոլովակ մը Արցախի մէջ Աւետարանչականի իրականացուցած ճամբարային գործունէութիւններուն մասին, սկսած 1995 թուականէն՝ Ստեփանակերտի մերձակայքին մէջ եւ ապա 2003-ի ամռան տեղափոխուած Շուշի։ Տեսանիւթը կը ներկայացնէր Աւետարանչականի ճամբարային ծառայութեան քառորդ դարը Արցախի մէջ, որուն մասնակցած են աւելի քան 800 երեխաներ եւ երիտասարդներ իւրաքանչիւր ճամբարային շրջան։ Տեսահոլովակը նուիրուած էր նաեւ Քարլաթա եւ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Էրնէստ Պետրոսեանին, Քեթրին եւ իր հանգուցեալ ամուսնոյն՝ Գրիգոր Պետրոսեանին, Քէնէթ եւ Ճէյն Պետրոսեաններուն եւ իրենց մեծ ընտանիքին՝ 2003 թուականէն իվեր Աւետարանչականի Պետրոսեան Ճամբարի իրենց հաւատարիմ հովանաւորութեան համար։ Նոյեմբեր 10, 2020-ին՝ Արցախեան 44 օրուայ պատերազմի աւարտին Ճամբարը կորսուեցաւ թշնամիին ձեռքերուն մէջ։ Այսուհանդերձ, Գործադիր Տնօրէն Պր. Խանճեան ըսաւ. «Պետրոսեան Ճամբարը հող կամ շէնք չէ, այլ ոգի է։ Մենք անգամ մը եւս Ճամբար կը կառուցենք»։ Աւետարանչականի Նախագահ՝ Տօքթ. Տարագճեան Պետրոսեան ընտանիքին նուիրեց Ճամբարի իւղանկար մը եւ Աւետարանչականի Հայաստանի Ներկայացուցիչ Յարութ Ներսէսեան իւրաքանչիւր Պետրոսեան ընտանիքին նուիրեց 25-ամեայ ճամբարային գործունէութեան լուսանկարներու ալպոմ մը։ Աւետարանչականի Վարչական Խորհուրդի անդամ Պրայըն Պետրոսեան ընտանիքի կողմէ ելոյթ ունենալով, յուզումնալից խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեց Պետրոսեան ընտանիքին ընծայուած այս պատիւին համար։

Ընթրիքի դադարէն ետք Թենոր Իսրայելյան գեղեցիկ կերպով մեկնաբանեց «Ինչ Մեծ Ես Դուն» Հոգեւոր երգը՝ անգլերէնով եւ Արցախի նուիրուած երկու երգեր՝ «Կեանք ու Կռիւ» եւ «Պիտի Ապրենք» երգերը՝ Հայերէնով։

Amb. Lillit Makunts (1)

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Լիլիթ Մակունց իր այս առաջին այցին ՔալիՖորնիա, ջերմօրէն ողջունեց Աւետարանչականի մատուցած աւելի լաւ կեանք եւ ապագայի յոյս ներշնչող մարդասիրական օգնութիւնը Հայրենիքին։ Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.- «Արցախեան 44-օրուայ պատերազմէն ետք մենք միայն մէկ տեղ ունինք երթալու՝ դէպի առաջ»։ Լոս Անճելոսի Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Մեծայարգ Պր. Արմեն Պայպուրթեան ուրախութիւն յայտնեց Ճաշկերոյթին իր ներկայութեան համար եւ Ֆրէզնոն որակեց որպէս «այն վայրը, ուր մեր հայկական արմատները կը գտնուին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ»։ Գլխաւոր Հիւպատոս Պայպուրթեանի կ’ուղեկցէր նաեւ Ֆրէզնոյի Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուաւոր Հիւպատոս Մեծայարգ Պր. Պերճ Աբգարեան։

Ապա ներկայացուեցաւ յատուկ տեսահոլովակ մը «Յաջող Նուաճում՝ Հակառակ Բոլոր Անհաւանականութիւններու» խորագրով։ Արցախի Հանրապետութեան Պետ Նախարար Արտակ Բեգլարյան կորսնցուցած էր իր տեսողութիւնը 1995-ին՝ ականի մը միջադէպի պատճառով։ Ան իր մանկութեան յաճախած էր Աւետարանչականի Ճամբարը եւ ապա շարունակած իր ուսումը Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, Լոնտոնի մէջ եւ Պոսթոնի ԹաՖթց Համալսարանի Ֆլէթչըր իրաւաբանական դպրոցին մէջ։ Ան երկու տարի վարած է Արցախի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանի պաշտօնը եւ 2021-ի Յունիսի 1-ին նշանակուած որպէս Հանրապետութեան Պետ Նախարար։

«Խորհրդանշական է ըլլալ Ֆրէզնոյի մէջ» ըսաւ Պետ Նախարարը, «որովհետեւ այդ 1915-ի ցեղասպանութենէն ետք գոյատեւման եւ վերածնունդի խորհրդանիշն է։ Ֆրէզնոյի օրինակը մեզի համար ոգեւորիչ է»։ Պետ Նախարարը անդրադառնալով 44-օրուայ պատերազմէն ետք Արցախի ապագային, նշեց երկարաժամկետ եւ կարճաժամկետ մարտահրաւէրները։ Երկարաժամկէտ մարտահրաւէրները կը ներառեն. 1) անվտանգութիւն, 2) ժողովրդագրութիւն, 3) տնտեսական զարգացում, 4) ենթակառուցուածք, եւ 5) տարրական կարողութիւններ։ Այս մարտահրաւէրները դիմակայելու համար, Պետ Նախարար Բեգլարյան կոչ ըրաւ բոլոր մակարդակներու մէջ ինքնավերլուծութեան, միասնականութեան, ռազմավարական մտածողութեան, համբերութեան, յամառութեան եւ ծառայողական վերաբերմունք։

Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Յիսուս զոհաբերեց Իր կեանքը, որպէսզի մեզի հնարաւորութիւն տայ։ Նոյն նպատակին համար իրենց կեանքը զոհաբերեցին Արցախցի զինուորները։ Մենք պէտք է այնպէս ապրինք մեր կեանքը՝ որ իրենց կեանքը իզուր չ’ըլլայ»։

Zaven Khanjian and Dr. Darakjian Honor Bedrosians (1)

Գործադիր Տնօրէն Պր. Խանճեան Պետ Նախարար Բեգլարյանին եւ իր Խորհրդատու Դաւիթ Հակոբյանին նուիրեց շարք մը նուէրներ, որոնցմէ մէկն էր «Հաստատակամութիւն – Երբե՛ք Մի Յանձնուիր» կարգախօսը շրջանակի մէջ առնուած։ Պր. Խանճեան շնորհակալութիւն յայտնեց հիւրընկալներուն, ինչպէս նաեւ Ճաշկերոյթի Յանձնախումբին եւ Ֆրէզնոյի Հայ համայքին՝ իրենց ցուցաբերած ջերմ հիւրասիրութեան համար։ Ան իր խօսքը եզրափակեց Նազովրեցի Յիսուսի խօսքերով. «Գացէ՛ք ամբողջ աշխարհը, ու քարոզեցէ՛ք աւետարանը բոլոր արարածներուն»  (Մարկոս. 16. 15)։ Աւետարանչականը կը շարունակէ իր երթը։

Ճաշկերոյթի աւարտին Հայաստանի Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Նախագահ Վերապատուելի Ալպերտ Փայտյան մատուց օրհնութեան աղօթքը ապա ներկաները Ֆրէզնոյի Հայ Պանդխտաց Եկեղեցիի Աւագ Հովիւ՝ Վերապատուելի Ներսէս Պալապանեանի առաջնորդութեամբ յոտնկայս երգեցին «Փառք եւ Պատիւ» փառաբանութեան երգը։

Որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, Աւետարանչականը իր ծառայութիւնը կը մատուցանէ բոլոր անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիք ունին՝ առանց խտրութեան։ Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ’իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ աշխարհացրիւ 24 երկիրներու մէջ՝ ներառեալ Հայաստան եւ Արցախ։  Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ԱՀԱԸ-ի  կայքէջը www.amaa.org.

(Քաղուած Ֆիլիփ Թավլեանի Անգլերէն բնագրէն՝ հայացուց Լուիզա Ճանպազեան)

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment