Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Նոր Օդանաւային Ընկերութիւն՝ Հայկական Շուկային Մէջ

Նոր Օդանաւային Ընկերութիւն՝ Հայկական Շուկային Մէջ

by MassisPost

Հայկական շուկայ մուտք գործած է նոր օդանաւային ընկերութիւն. Քաղաքացիական օդագնացութեան կոմիտէն օդանաւ շահագործողի վկայական տրամադրած է FlyOne Armenia օդանաւային ընկերութեան:

Շուտով ընկերութիւնը Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն թռիչքներ կ’իրագործէ Մոսկուա, Թեհրան, Լիոն, Քութայիս, Դամասկոս, Քրասնոտար, Փարիզ, Պոլիս եւ Թել Աւիւ:

FlyOne Armenia-ն արդէն աւելի քան 60 միլիոն եւրօ ներդրած է հայկական շուկայէն ներս եւ կը նախատեսեն ստեղծել 135 աշխատատեղ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment