Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Պէտք Է Խօսի Թուրքիոյ Հետ, Այլընտրանք Չկայ. Մարուքեան

Հայաստանը Պէտք Է Խօսի Թուրքիոյ Հետ, Այլընտրանք Չկայ. Մարուքեան

by MassisPost

«Հայաստանը պէտք է խօսի Թուրքիոյ հետ, դրան այլընտրանք չկայ», «Ազատութիւն»ին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Էտմոն Մարուքեան շեշտելով, որ պէտք է խօսիլ հնարաւորինս ուղիղ՝ ներգրաւելով քանի մը խաղացողներ եւ վերականգնել յարաբերութիւնները թէկուզ խօսակցութեան մակարդակով։

«Մենք պէտք է Թուրքիայէն եկող վտանգները դարձնենք կառավարելի, յարաբերութիւն ունենալու մակարդակի», – ըսաւ Մարուքեան։

Վերջին շրջանին հայկական եւ թրքական կողմերը պարբերաբար կը յայտարարեն, թէ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար դրական ազդակներ կան։

Օրերս Ֆիզուլի այցի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան յայտարարեց, թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով Անգարայի դիրքորոշումը անփոփոխ է, Երեւանը պէտք է քաղաքական կամք ցուցաբերէ եւ լուծէ խնդիրները Ատրպէյճանի հետ։ Այս շրջածիրէն ներս Էրտողան կարեւորած էր կողմերու միջեւ պետական սահմաններու յստակուցումն ու փոխադարձաբար ճանաչումը: Թուրքիոյ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուն ալ ըսած է, թէ պատրաստ են նաեւ եռակողմ՝ Անգարա-Պաքու-Երեւան ձեւաչափով քննարկել այս հարցը:

Երեւան իր հերթին յայտնեց, թէ ռուսական կողմի հետ կը քննարկէ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կարգաւորելու հնարաւորութիւնը:

«Նախապայմանները, որ Թուրքիան ունէր 2008 թուականին, այլեւս վերացել են։ Թուրքիան ի՞նչ էր ասում, ասում էր՝ «ձեր զօրքերը հանէք 7 շրջաններից, մենք սկսենք խօսել»։ Անընդհատ լինելու են նորերը, բայց, եթէ մենք ասենք՝ «մենք ձեր հետ չենք խօսում, որովհետեւ մենք էլ ունենք նախապայմաններ», էդ խօսակցութիւնն ընդհանրապէս չի սկսուելու եւ մենք չենք կարող կառավարել Թուրքիայից եկող վտանգները», – ըսաւ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդը։

Մարուքեան շեշտեց, որ 2008-ին թէեւ քաղաքականութեան մէջ չէ եղած, սակայն կողմ եղած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերականգնման, որպէսզի անով թրքական վտանգը նուազի։ Անոր խօսքով՝ եթէ 2008-ին սահմանները բացուէին եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնուէին, այս պատերազմի վտանգները այդ ժամանակ կրնային նուազել։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment