Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ Վարչապետի՝ Սիւնիքի Մարզ Այցելութեան Ժամանակ Տեղի Ունեցած Միջադէպի Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

ՀՀ Վարչապետի՝ Սիւնիքի Մարզ Այցելութեան Ժամանակ Տեղի Ունեցած Միջադէպի Գործով Նախաքննութիւնը Աւարտած Է

by MassisPost

ՀՀ քննչական կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութենէն ներս կատարուած քննչական եւ դատավարական այլ մեծածաւալ գործողութիւններու հետեւանքով պարզուած են 2021-ի Ապրիլ 21-ին ՀՀ վարչապետի՝ Սիւնիքի մարզ կատարած այցելութեան ժամանակ տեղի ունեցած խուլիկանութեան դէպքի հանգամանքները:

Քննութեամբ ձեռք բերուած փաստական տուեալներու համաձայն՝ Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալը եւ Շուռնուխ բնակավայրի վարչական ղեկավարը, տեղեկանալով ՀՀ վարչապետի կողմէ 2021-ի Ապրիլ 20-ին Սիւնիքի մարզ կատարած այցի մասին, Գորիս-Կապան ճանապարհին յարակից Շուռնուխ բնակավայրի տարածքը խումբ մը անձերու կողմէ ուրիշի գոյքը վնասելով խուլիկանութիւն կատարելու նպատակով կազմակերպած են անձերու հաւաքագրման գործընթաց։

Հաւաքուած անձերը կերակրելու եւ յանցանքի կատարման վերաբերեալ ցուցմունքեր տալու նպատակով, Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալի կազմակերպութեամբ, ժամը 14:50-ի սահմաններուն, տարածքը հաւաքուած անձերը սնուած են Գորիս-Կապան ճանապարհի հարեւանութեամբ գտնուող բլրակի վրայ պատրաստուած սեղաններու շուրջ, որու ընթացքին, վերջիններուս վրայ ներազդելու եւ խուլիկանական գործողութիւնները աւելի աշխուժ ու արդիւնաւէտ կատարելու համար, անոնց ոգելից խմիչքներ հիւրասիրած են, ինչպէս նաեւ անոնց մօտ վճռականութիւն առաջացնելու եւ աշխոյժ գործողութիւններ դրդելու նպատակով՝ Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալը եւ Շուռնուխ բնակավայրի վարչական ղեկավարը վատաբանելու միջոցով հաւաքուածներուն տրամադրած են ՀՀ վարչապետի դէմ։

Շարունակելով իրենց յանցաւոր գործողութիւնները՝ Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալը եւ Շուռնուխ բնակավայրի վարչական ղեկավարը ժամը 16:15-ի սահմաններուն հաւաքուածներուն հրահանգած են տուեալ ճանապարհահատուածով վարչապետի ինքնաշարժներու շարասիւնը անցնելու ընթացքին փակած անոր ճանապարհը եւ խոչընդոտած ինքնաշարժներու շարասիւնի տեղաշարժը:

ՀՀ Վարչապետի եւ անոր ուղեկցող անձերու կողմէ ինքնաշարժի շարասիւնով Շուռնուխ բնակավայրի տարածքով անցնելու ընթացքին խուլիկանութեան մասնակիցները, անոնց կարգին նաեւ Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալը, բացայայտ անյարգալից վերաբերմունք ու անթաքոյց արհամարհանք դրսեւորելով բնակավայրի բնակիչներու եւ ուղիղ հեռարձակմամբ կատարուող իրադարձութիւններուն հետեւող բազմաթիւ անձերու նկատմամբ, հրապարակայնօրէն վիրաւորական արտայայտութիւններ հնչեցուցած են, չեն ենթարկուած իրաւապահ մարմիններու օրինական պահանջներուն, իսկ խումբ մը մասնակիցներ դիտաւորութեամբ հարուածած են ՀՀ վարչապետին սպասարկող ինքնաշարժները:

Ձեռք բերուած բաւարար ապացոյցներու համակցութեամբ՝ Գորիս համայնքի ղեկավարի տեղակալին եւ Շուռնուխ բնակավայրի վարչական ղեկավարին մեղադրանք առաջադրուած է: Անոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը:

21 անձերու վերաբերեալ մասն անջատուած է առանձին վարոյթ, նախաքննութիւնը աւարտած է, եւ քրէական գործը, մեղադրական եզրակացութիւնը հաստատելու եւ դատարան ուղարկելու միջնորդութեամբ, ուղարկուած է դատավարական ղեկավարում կատարող դատախազին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment