Հայաստանի կառավարական աղբիւրները կը պնդէ, որ առայժմ Փաշինեան-Ալիեւ-Փութին հանդիպում նախատեսուած չէ: Սակայն, մամուլը կը խօսի այն մասին որ, նման հանդիպում պիտի կայանայ եթէ վերջին պահուն բարդութիւններ չյառաջանան: Կը կարծուի որ, նման հանդիպումի նպատակն է նոր փաստաթուղթի մը ստորագրումը, որ պիտի ներառէ սահմանազատման, սահմանագծման, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ ճանապարհներու բացման, եւ իրար հողային ամբողջականութեան ճանաչման մասին հարցերը:
Ժամանակէ մը ասդին արդէն իսկ այս հարցերու շուրջ բանակցութիւններ տեղի կ°ունենան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ` փոխ-վարչապետներու մակարդակով եւ անհաւանական չէ, որ այդ քննարկումները կրնան արդիւնաւորուիլ ու կողմերը գան ընդհանուր համաձայնութեան, որմէ ետք, ռուսաստանի հովանաւորութեամբ ստորագրուի նման փաստաթուղթ մը:
Ընդդիմադիր քաղաքական շրջանակները` առանց տեղեակ ըլլալու ստորագրուելիք համաձայնութեան բովանդակութեան, սկսած են աղմուկ բարձրացնել ըսելու համար որ նման համաձայնութիւն մը ի վնաս է Հայաստանի շահերուն եւ պէտք է կանխել այդ քայլը: Առաջին անգամ չէ որ, ընդդիմադրութիւնը նման աղմուկ կը բարձրացնէ: Պատերազմէն ասդին ամէն անգամ երբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը փորձէ դիւանագիտական քայլերով Հայաստանի համար որոշ չափով նպաստաւոր պայմաններ ապահովել, նոյն շրջանակները անմիջապէս կ’անցնին սուր հռետորաբանութեան, օգտագործելով փողոցային նոյն բառապաշարը, որ իրենց միակ դրամագլուխը կը թուի ըլլալ: Նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին, երբ վարչապետը զիրենք իր մօտ հրաւիրելով ներկայացուց ռազմաճակատի վրայ տիրող իրավիճակը ու խօսեցաւ փոխ-զիջումներու մասին, նոյն մարդիկ դիմեցին քաղաքական շահարկումներու, փոխանակ հարցերուն մօտենալու Հայաստանի ու Արցախի գերագոյն շահերէն մեկնելով: Եթէ նման մօտեցում ցուցաբերուէր, եւ ստեղծուած իրավիճակէն մեկնելով գոյանար համախմբում պետութեան շուրջ, ինչպէս սովոր են ընել այլ ժողովուրդներ, թերեւս կարելի ըլլար պատերազմը կասեցնել աւելի շուտ ու դուրս գալ նուազ մարդկային ու հողային կորուստներով:
Տարիէ մը ասդին կառավարութիւնը կը փորձէ մեղմել պատերազմի հետեւանքները ու այդ ուղղութեամբ կը վարէ բանակցութիւններ: Նման պարագաներուն կողմերը ստիպուած են դիմել փոխզիջումներու: Այդպէս են խաղի կանոնները: Կողմերէն ոչ մէկը կրնայ ստանալ իը բոլոր ուզածները:
Մասնագէտներու կարծիքով սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթացները կը պահանջեն երկարաշունչ աշխատանք, որոնք կրնան տեւել տարիներ: Իսկ ճանապարհներու, երկաթուղիներու եւ հաղորդակցութեան այլ միջոցներու բոլորի համար բացումը կը բխի որքան Ատրպէյճանի շահերէն, նոյնքան` Հայաստանի: Ատրպէյճան ճանապարհային աւելի կարճ անցք կ’ունենայ դէպի նախիջեւան, իսկ Հայաստանի առջեւ նոր ուղիներ կը բացուին դէպի Ռուսաստան եւ այլ երկիրներ, նպաստելով տնտեսութեան զարգացման ու ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւման: Այսպիսով, վերջնականապէս կը փակուի նաեւ «Զանգեզուրի միջանցքի» էջը, որուն մասին Հայաստան կը շարունակէ պնդել որ, այդ հարցը քննարկման առարկայ չէ եւ չի կրնար ըլլալ:
Ինչ կը վերաբերի իրար հողային ամբողջականութեան ճանաչման հարցին, հոս եւս մտահոգուելու կարիք չկայ, մինչեւ այն ատեն որ հոն գրուած չէ` «Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը» բանաձեւումը:
Ֆրանսան ու Ամերիկան, ինչպէս նաեւ այլ երկիրներ կը շարունակեն պնդել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը լուծուած չէ, ճանչնալով հանդերձ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը: Նման բազմաթիւ օրինակներ կան աշխարհի տարբեր կողմերը:
Արտաքին քաղաքականութիւն վարելը վերապահուած է ժողովուրդի կողմէ ընտրուած կառավարութիւններուն: Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները տակաւին վերջերս ստացան մանտաթ` բանակցութիւններ վարելու ու պաշտպանելու երկրի շահերը: Այդ է որ կ’ընէ Նիկոլ Փաշինեան ու անոր քննադատները պէտք է սպասեն արդիւնքներուն, մանաւանդ որ, չունին այլընտրանքային առաջարկութիւններ եւ ոչ ալ ծրագիրներ:
«ՄԱՍԻՍ»