Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միջադէպ ԱԺ-էն Ներս Ընդդիմադիր Պատգամաւորի Եւ Փոխ Խօսնակին Միջեւ

Միջադէպ ԱԺ-էն Ներս Ընդդիմադիր Պատգամաւորի Եւ Փոխ Խօսնակին Միջեւ

by MassisPost

Հոկտեմբեր 26-ին խորհրդարանէն ներս միջադէպ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր պատգամաւոր՝ Գեղամ Մանուկեանի եւ Ազգային ժողովի փոխնախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ։

Ազգային ժողովը կը քննարկէր «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ հաւաքագրուած եւ պետական պիւտճէ փոխանցուած միջոցներու օգտագործումը ուսումնասիրելու նպատակով իրաւունքի ուժով ստեղծուած քննիչ յանձնաժողովի անդամներու թիւը։

Նշելով, որ պատերազմի առաջին օրերուն հիմնադրամը նախաձեռնեց «Մենք ենք մեր սահմանները» խորագրով համազգային դրամահաւաք-արշաւ, որու ընթացքին հաւաքագրուած միջոցներու շուրջ 52 միլիառ դրամը հետագային փոխանցուեցաւ պետական պիւտճէ, քննիչ յանձնաժողովի նախաձեռնող կողմի ներկայացուցիչ՝ Հայկ Մամիճանեանը մտահոգութիւն յայտնեց, որ պետական միջոցները ծախսուած են ոչ արդիւնաւէտ։

Իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Վիգէն Խաչատրեան հակադարձեց՝ «մտածուած քաղաքականութիւն է վարւում՝ վարկաբեկելու այս հիմնադրամը»։ Խաչատրեանը սա «սրիկայութիւն» որակեց։

«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր՝ Գեղամ Մանուկեանը արձագանգելով յայտարարեց, որ «սրիկայութիւնը շատ օրինակներով կարելի է ասել, բայց Արցախ ուրացողը դաւաճան է, դաւաճանութիւն է, ոնց որ քիչ առաջ ելոյթ ունեցողը լրատուամիջոցների առաջ էր Արցախն ուրացել»։

Նիստը վարող Ազգային ժողովի փոխ նախագահ՝ Ռուբէն Ռուբինեան նախ կոչ ըրաւ բարոյականութեան կանոնները չխախտել, ապա պահանջեց անուններով խօսիլ․ – «Դուք նոր ինչ-որ մէկին մեղադրում էիք Արցախն ուրանալու մէջ, անո՛ւն տուէք»։

«Բառացի կը բերեմ Վիգէն Խաչատրեանի խօսքը, դրանից յետոյ կը խօսէք», – պատասխանեց Մանուկեանը։

«Դուք Վիգեն խաչատրեանին դաւաճա՞ն էք անուանում», – հարցուց Ռուբինեանը եւ կարգադրեց անջատել Մանուկեանի խօսափողն ու պատգամաւորին կոչ ըրաւ ամպիոնը լքելու ։ Վերջինս շարունակեց ելոյթը անջատուած բարձրախօսի պայմաններով։ Ռուբինեանը ներս հրաւիրեց անվտանգութեան աշխատակիցները, վերջիններս պատգամաւորին թեւերէն բռնած հեռացուցին ամպիոնէն, 20 րոպէ ընդմիջում յայտարարուեցաւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment