Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան-Ալիեւ-Փութին Հանդիպում Այս Պահուն Նախատեսուած Չէ

Փաշինեան-Ալիեւ-Փութին Հանդիպում Այս Պահուն Նախատեսուած Չէ

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ’արձագանգէ հայաստանեան ու ռուսաստանեան լրատուամիջոցներով   շրջանառուող տեղեկութեան, թէ Մոսկուայի մէջ Նոյեմբերի առաջին տասնօրեակի ընթացքին կը սպասուի Փաշինեան-Ալիեւ-Փութին հանդիպում, որու ընթացքին կողմերը եռակողմ յայտարարութիւններ պիտի ստորագրեն։

Արտաքին գերատեսչութենէն յայտնած են, որ այս պահու դրութեամբ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ որեւէ հանդիպում նախատեսուած չէ, միեւնոյն ժամանակ, սակայն, ընդունած են, որ կան տարբեր ձեւաչափերով տարբեր հանդիպումներու առաջարկներ, որոնք քննարկման փուլի մէջ են:

«Ուզում եմ նաեւ ընդգծել, որ այս թեմայի շուրջ որոշ շրջանակների տարածած լուրերը ակնյայտ սադրիչ բնոյթ ունեն եւ իրականութեանը չեն համապատասխանում», – գրած է ԱԳՆ մամլոյ քարտուղարը՝ առանց մանրամասնելու, թէ խօսքը մասնաւորապէս ի՞նչ շրջանակներու ու ի՞նչ լուրերու մասին է։ Վահան Յունանեանը նաեւ հեռախօսով չցանկացաւ պարզաբանել իր մեկնաբանութիւնը։

Աւելի վաղ ռուսաստանեան կողմը մեկնաբանած էր Մոսկուայի մէջ եռակողմ հանդիպման հնարաւորութիւնը։ Ռուսաստանի նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար՝ Տմիթրի Փեսքովը «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին ըսած էր, որ եթէ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուի, ռուսական կողմը այդ մասին ժամանակին կը տեղեկացնէ։

Աւելի վաղ «Ալիք մետիան» գրած էր, որ Նոյեմբեր 9-ին Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը Մոսկուայի մէջ երկու նոր փաստաթուղթ պիտի ստորագրեն: Հայաստանեան լրատուամիջոցի դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ երկու փաստաթուղթերը, որոնք գրեթէ աւարտական տեսք ստացած են, պիտի ստորագրեն Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը՝ Վլատիմիր Փութինի միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ։ Ընդգծուած է, որ կողմերը կը ստորագրեն փաստաթուղթը, եթէ վերջին պահուն չըլլան արտակարգ իրավիճակներ:

«Առաջին փաստաթուղթը վերաբերում է Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանների սահմանազատմանը եւ սահմանագծմանը, որով Երեւանն ու Պաքուն ճանաչելու են միմեանց սահմաններն ու տարածքային ամբողջականութիւնը՝ հիմք ընդունելով 1920-ական թուականների Խորհրդային Միութեան պաշտպանական գերատեսչութեան Գլխաւոր շտապի քարտէզները», – յայտնած է լրատուամիջոցը՝ աւելցնելով, որ երկրորդ փաստաթուղթն ալ տարածաշրջանի հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման կ’առնչուի։ Նշուած է, որ այդ փաստաթուղթի վերաբերեալ վերջնական պայմանաւորուածութիւն ձեռքբերուած է Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի փոխ վարչապետներու վերջին հանդիպման ընթացքին։

«Երկրորդ փաստաթուղթը, որի շուրջ եւս գրեթէ վերջնական պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել հայ-ռուս-ատրպէյճանական՝ փոխվարչապետերի մակարդակով վերջին հանդիպման արդիւնքներով, վերաբերում է տարածաշրջանում հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակմանը, մասնաւորապէս ճանապարհ-միջանցքների, այդ թւում՝ Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութեան հաստատման մանրամասներին», – յայտնած է լրատուամիջոցը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment