Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցաւ Կոչման Արարողութիւնը Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքին

Տեղի Ունեցաւ Կոչման Արարողութիւնը Հայ Կաթողիկէ Նորընտիր Պատրիարքին

by MassisPost

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի  գահակալութեան հայրապետական մեծաշուք արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Հոկտեմբեր 2021-ին, Պէյրութի կեդրոնական Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սբ. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի համաքրիստոնէական, համալիբանանեան եւ համահայկական մասնակցութեամբ, հանդիսացաւ Սիրոյ եւ Միասնականութեան հրաւէր մը։

Արդարեւ, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը մէկ ամիս առաջ` անցեալ 23 Սեպտեմբերին, ընտրելէ ետք Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նոր հայրապետը` յանձինս Ամեն. եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեանը, անոր գլխուն վրայ զետեղելով ոսկեթել քօղը ապա անոր յանձնելով Պատրիարքական գաւազանը, զինք ուղղեց մինչեւ Պատրիարքական Աթոռ, ուր զինք բազմեցուց, սկիզբ տալով նորընտիր Կաթողիկոս Պատրիարքի պարտականութիւններուն ու պատասխանատուութեան պաշտօնական գահակալութեան, որպէսզի Ան, Եկեղեցիէն տրուած իրաւունքներուն եւ իշխանութեան միջոցաւ` ծառայէ Աստուծոյ ժողովուրդին։

Հոգեպարար արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ եկեղեցական ու քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին մարոնիթներու Պատրիարք եւ Կաթողիկէ Պատրիարքներու եւ Եպիսկոպոսներու խորհուրդի նախագահ Մար Պշարա Պութրոս Ռաաի, Յոյն Կաթողիկէ Անտիոքի Պատրիարք Եուսէֆ Ապսի, Յոյն Ուղղափառներու Անտիոքի Պատրիարք Յովհաննէս Եազեճի Ժ.ի ներկայացուցիչ առաջնորդ Կոստանդին Քայյալ, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Գերապայծառ Ժոզէֆ Սփիթերիի ներկայացուցիչ Գերապայծառ Ճոզեփփէ Ֆրանքօնէ, Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Դամասկոսի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Արմաշ Արք. Նալպանտեան, Ն·Ս·Օ·Տ·Տ· Արամ Ա· Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ՝ Լիբանանի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ Վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան, հայ եւ օտար հոգեւորականներ, սրբազան հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի ներկայացուցիչ նախարար Ճորճ Պուճիքեան, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ՝ նախարար Ժորժ Քալլաս, Խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունեան, Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտ, պետական, քաղաքական, զինուորական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ Հոգեւոր Տիրոջ հարազատները։

Armenian Chatolic-2

Գահակալութեան կանոնը հանդիսապետեց Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան կառավարիչ եւ Բերիոյ թեմի Առաջնորդ` Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան, շրջապատուած Սիւնհոդոսական Հայրերով։ Գահակալութեան արարողութեան ընթացքին արաբերէնով Աւետարանը ընթերցեց Ապսի Պատրիարք, իսկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ընթացքին Աւետարանը արաբերէն լեզուով ընթերցեց Պատրիարք Ռաաի։

Գահակալութեան արարողութենէն ետք, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Արհի. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի եւ ԱՄՆի Տիրամայր Նարեկի թեմի առաջնորդ Արհի. Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի առընթերակայութեամբ, Արհ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը գլխաւորեց Հայրապետական իր անդրանիկ Սուրբ Պատարագը, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, երախտագիտութիւն յայտնեց Աստուածային Նախախնամութեան, որ զինք կոչած է կաթողիկոսութեան առաքելութեան, ու շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ հաստատեց իր ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Սիւնհոդոսական Հայրերուն, եղբայրակից Արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսկոպոսներուն, որոնք իրեն վստահեցան կաթողիկոսական ծանրագոյն բեռը, «զոր միասնաբար պիտի կրենք ի խնդիր մեր հաւատացեալներու յաւիտենական փրկութեան» ըսաւ Ամեն. Հոգեւոր Տէրը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն։

Armenian Chatolic-1

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հուսկ խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց իր քահանայական կոչումին վրայ, որ սկսաւ ճիշդ «այս աթոռանիստ տաճարին մէջ եւ այս աւագ խորանէն՝ երթալու համար հեռուներ, շատ հեռուներ…»։

«Երէկ, քահանայութեանս սկիզբը, հոս՝ Լիբանան, եղբայրասպան պատերազմն էր, իսկ այսօր, գահակալութեանս սկզբնաւորութեան, կը վերադառնամ հոս, մշտականաչ մայրիներուն, մեր Հայրենիքը, որպէսզի իմ քոյրերուս եւ եղբայրներուս հետ բաժնեմ ամէն տեսակ նեղութիւն ու տառապանք, որոնց մէջ կը տուայտի մեր ժողովուրդը։

Սակայն, քանի անցեալի դժուարութիւնները յաղթահարեցինք եւ վերապրեցանք միասնաբար, հետեւաբար, լիավստահ եմ որ Աստուածային Նախախնամութեամբ եւ Քրիստոսի՝ Բարի Հովիւին անհուն ողորմութեամբ, մենք պիտի կարենանք յաղթահարել նաեւ ներկայի բոլոր նեղութիւնները», ըսաւ ի մէջ այլոց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, ապա հրաւիրեց բոլոր ներկաները «միասնաբար, ձեռք-ձեռքի տուած, սիրտ-սրտով միացած մեր Փրկչին՝ Բարի եւ Քաջ Հովիւին, ապաւինինք անոր հովանիին ու զօրութեան» եւ քարոզը աւարտեց ըսելով. «Բարի եւ Քաջ Հովիւին Մօր՝ Աստուածածին Սբ. Կոյսին պաշտպանութեան ներքեւ ապրինք այս տագնապալից ու տառապալից ժամանակաշրջանը՝ խնդրելով անոր մայրենի յարատեւ ներկայութիւնը մեր առօրեայ կեանքին մէջ։ Ամէն»։

Սուրբ Զոհի աւարտին ընթերցուեցան Կարդինալ Սանտրիի, Արամ Ա. Վեհափառի եւ Փարիզի առաջնորդ` գերապայծառ Միշել Օ’Փըթիի շնորհաւորական պատգամները, ապա նորօծ Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց ներկաներու շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment