Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայ Ուսուցիչը Ի Պատուի

Հայ Ուսուցիչը Ի Պատուի

by MassisPost

Կասկածէ վեր է որ առանց հայ դպրոցի բացառուած է հայապահպանումը օտար երկինքներու տակ, իսկ հայերէնի ուսուցիչը այդ մեծ առաքելութեան հիմնական սպասաւորն է եւ հայեցի դաստիարակութեան առաքեալը: Այս բարձր գիտակցութեամբ եւ համոզումով է որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի «ԶՈՒԱՐԹՆՈՑ» Մշակութային Յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, իր հիմնադրութեան տասնամեակին առթիւ կազմակերպած է յատուկ հանդիսութիւն մը։

Այս յատուկ ձեռնարկին պիտի գնահատուին վաստակաւոր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք մեծ վաստակ ունեցած են հայոց լեզուի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան առարկաներու դասաւանդման մէջ։

Օրուան գլխաւոր պատգամաբերն է Գալիֆորնիայի Նահանգային Ֆրեզնօ քաղաքի հայագիտական ուսմանց բաժնի տնօրէն Փրոֆ. ՊԱՐԼՈ ՏԷՐ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ։

Յոյժ ողջունելի հանդիսութիւն մը անտարակոյս, որովհետեւ հայերէնի, հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչը լոկ գործ մը չէ որ կը կատարէ, կամ միայն ասպարէզի մը ծառայողը չէ, այլ՝ ան իր ամբողջ էութեամբ կը սպասարկէ հայ մանուկին ու աշակերտին հայակերտման նուիրական գործին: Ան կը կատարէ ծնողքի մը դերը, որ իր աշակերտ-զաւակները կը կրթէ հայկական եւ մարդասիրական բարձր սկզբունքներով՝ ըլլալ լաւ հայ, ծնողասէր հայ, մարդասէր արարած եւ շրջապատին հանդէպ հոգատար քաղաքացի: Հայերէնի ուսուցիչին երկրորդ տունն է հայ դպրոցը, իսկ դասարանը՝ իր խորանը:

Ինչ խօսք, դժբախտաբար փաստ է այն իրականութիւնը, որ հայերէնի ուսուցիչին հանդէպ միշտ չէ որ ցոյց տրուած է յատուկ ուշադրութիւն: Ամենայն յարգանք տածելով հանդէպ անխտիր բոլոր առարկաներու ուսուցիչներու հանդէպ, հայերէնի ուսուցիչը պէտք ունի աւելի՛ խրախուսանքի՝ բարոյական եւ նիւթական, որովհետեւ, եթէ հայ ընկերութիւնը կը փափաքի գիտակից, ողջմիտ ու հայատրոփ սերունդ մը ունենալ ապագային, մեկնակէտը հայագիտական առարկաներու դասատուն է:

Հայ հասարակութիւնը անխտիր հրաւիրուած է գնահատման եւ մեծարման հանդիսութեան, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը՝ երգ, պար, ասմունք, նուագ: Հետեւաբար Նոյեմբեր 7-ին, երեկոյեան ժամը 6-ին, հրամմեցէք Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «ԿԻՐԱԿՈՍ» սրահը եւ մասնակից եղէք մեր ուսուցիչներու գնահատման հանդիսութեան: (2215 E. Colorado Blvd., Pasadena 91107)

Մ.Գ.

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment