Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դամասկոսի ՀՄՄ- ի Ակումբի Սրահին Վերանորոգման Բացում

Դամասկոսի ՀՄՄ- ի Ակումբի Սրահին Վերանորոգման Բացում

by MassisPost

22, Հոկտ. 2021-ը ՀՄՄ-ի հարիւր ամեակի առթիւ, ցնծութեան եւ հպարտութեան առիթ մը եղաւ Դամասկահայերուս ,ակումբիս վերանորոգուած սրահին բացումը, որ փառքով եւ ուրախութեամբ նշեցինք:

Իսկապէս սպասուած տարիներու երազանքին հասանք, ունենալով գեղեցիկ ,վերանորոգուած եւ արդիական սրահ մը:

Սրահի բացումը սկսաւ երեկոյեան 7:00ին: Մուտքի ժապաւէնը կտրեցին Գերաշնորհ՝ Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանը առաջնորդ Դամասկոսի հայոց թեմի, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ Ա. Պետ՝ Ընկեր Վազգէն Համալեանը, ՍԴՀԿ-ի Սուրիոյ Հարաւային շրջանի Վարիչ մարմինի Ատենապետ՝ Ընկեր Յովսէփ Խպոյեանը: Բացումին ներկայ էին նաեւ

Հոգեշնորհ Տէր Գաբրիէլ Վրդ. Սարգիսեան՝ Հոգեւոր հովիւ Դամասկոսի հայոց թեմի,

Տիար Վարդան Ադամեան, Սուրիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական, Վարիչ Մարմինի ընկերներ,  հին Դամասկոսի ընդհանուր տնօրէն` Մազէն Ֆրզլի, Քոյր Միութիւններու ներկայացուցիչներ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ազգային մարմիններու անդամներ, ՀՄՄ-եան մեծ ընտանիքի անդամներ եւ Դամասկահայեր:

HMMD-4

Յայտագիրը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ՝ յարգելով մեր անմահ նահատակներուն յիշատակը: Ապա՝ ուժգին Հնչեցին Սուրիական եւ Հայաստանի քայլերգները:

Բացման խօսքով եւ բեմավարութեամբ հանդէս եկաւ ընկհ. Անոյշ Քէօրօղլեան Մարաշլեանը:

Ապա  կարճ բացատրական տեսաերիզ մը ցուցադրուեցաւ ներկաներուն, որ պատրաստած էր ընկ. Անդրանիկ Մարաշլեան, սրահին նորոգման եւ զարգացման հանգրուաններուն մասին: ՍԴՀԿ-ի Սուրիոյ Հարաւայի Շրջանի Վարիչ Մարմինը, պարծանքով յիշեց եւ պարգեւատրեց սրահի նորոգութեան բաժին բերող այն բարերարները, որոնք ակումբի նորոգութեան գործին համար, իրենց լումաները չխնայեցին:

Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, ընկ. Վազգէն Համալեանը ու ընկ. Յովսէփ Խպոյեանը

պարգեւատրութիւնները բաշխեցին հետեւեալ բարերարներուն կամ երկրէն դուրս ըլլալու պարագային անոնց հարազատներուն: Ռաֆֆի Գէորգեան, Վանիկ Ճիլիլեան, Տիար Հրայր Խէչօ՝ Տիար Վահէ Սնճարեան, Ընկեր Աւետիս Ջուլֆայեան, Ընկեր Ճօրճ Թաւուգճեան, Տիկին Մարիա Յովակիմեան Չարքեան, Ընկեր Կարապետ Ղարիպեան, Ընկ. Աւետիս Ղարիպեան, Ընկ. Ռաֆֆի Ղարիպեան, Ընկեր Շաւարշ Ակինեան, Տիար Հայկ Օգումուշեան, Տիար Վարդգէս Պօղոսեանը:

Նաեւ յատուկ շնորհակալութեան խօսք յայտարարուեցաւ Վարիչ Մարմինի անդամներէն՝ ընկ. Արա Քարլոզեանին, ընկ. Սարգիս Գասարճեանին եւ ընկ. Տիգրան Ստեփանեանին, որոնք ջանք չխնայեցին, հսկելով  բարենորոգման այս հսկայական աշխատանքը:

Եւ Վերջապէս յատուկ շնորհակալական խօսք յայտնուեցաւ, յանձինս մեծ բարերար  ընկեր Վազգէն Գալթաքճեանին,որ տասնեօթը տարիներ առաջ Միացեալ Նահանգներէն մեծ գումար մը տրամադրած էր այս գործին համար:

HMMD-5

Տիկ. Արմիկ Ակինեան Պարսումեան շատ ազդու ձեւով ներկաներուն իր սրտին խօսքն ու շնորհաւորանքները փոխանցեց:

Արաբերէն լեզուով շնորհակալութեան խօսք յայտնուեցաւ՝ այն արաբախօս երկրաչափներուն եւ աշխատողներուն, որոնք այս գործին մէջ իրենց ներդրումը բերին: Սուրիոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանին կողմէ ղրկուած ծաղկեկողովը յայտարարուեցաւ,իսկ շնորհաւորագիրը կարդացուեցաւ: ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխ Ա. Պետ Ընկեր Վազգէն Համալեանը՝ փոխանցեց Կեդրոնական վարչութեան շնորհաւորանքներն ու սրտի խօսքը:Ան ըսաւ.«…Տարբեր սերունդներ եկան ու անցան այս ակումբէն:Շատ սուղ հոգիներ, որ այսօր աչքիս առջեւ կուգան, մեծ մասը հանգուցեալ եղած են, մաս մը ճամբորդած են, բայց այսօր բոլորին հոգիները կը համախմբուին հոս եւ մեր ուրախ հանդիպմամբ, կը կիսեն մեր ուրախութիւնը, կը կիսեն մեր յաջողութիւնը եւ կը կիսեն նաեւ մեր նպատակադրուած աշխատանքային ծրագիրները, որ յառաջիկային պէտք է կատարուին: Եկած է ժամանակը որ նպատակադրուած աշխատինք, շատ խիզախ աշխատինք ,ըստ պահանջներու եւ մեր նոր սերունդը դաստիարակենք, ըստ նոր պայմաններու…» Ապա  Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Արմաշ եպս. Նալպանտեան իր սրտին խօսքն ու շնորհաւորանքները յայտնեց.իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով Մովսէս Խորենացիէն .«Թէեւ մենք փոքր ածու ենք, բայց մեր երկրին մէջ ալ կան քաջագործութիւններ, սխրանքներ: Ընդհանրապէս մենք Դամասկոսի մէջ, մենք մեզ կը համարենք փոքր՝ միւս քաղաքներուն համեմատելով: Սակայն մենք Դամասկոսի մէջ ալ ունինք քաջութեան գործեր, մենք ունինք ե՛ւս սխրանքներ,Դամասկոսի պատմութեան յանձնելիք լուսաւոր էջեր: Ես կը յայտնեմ իմ շնորհակալութիւնս անոնց, որոնք սատարեցին նիւթապէս, իրենց ճակտի քրտինքով, որպէսզի այսօր մենք վայելենք այս գեղեցիկ սրահի բացումը…Տասը տարուան պատերազմը մեզմէ շատ բան խլեց:Տասը տարուան պատերազմը այսօր մենք կը համարենք աւարտած,  կրնանք կրկին սկսիլ մեր կեանքը, կրնանք վերակառուցել մեր ապագան: Եւ ես կը պահանջեմ կրկին,  այս գեղեցիկ սրահին կամարներուն ներքեւ, կրկին հնչեն մեր երեխաներուն ձայնը եւ ուրախութիւնը, կրկին հնչեն մեր երեխաներուն խաղերը, կրկին հնչեն Հայկական երգն ու պարը: Կրկին ըլլան այստեղը հաւաքատեղի՝ սկաուտական, մշակութային, ընկերային հանդիպումներու եւ միջոցառումներու վայր: Մենք մեծ հպարտութեամբ ներկայ ըլլանք այս տան միջոցառումներուն եւ իրենց հոգեւոր կեանքին:…»Ապա կարկանդակի հատում եւ խմբանկար տեղի ունեցաւ, բոլոր բարերարներուն հետ եւ աւարտեցաւ  հիւրասիրութեամբ եւ ընտանեկան հաճելի մթնոլորտով:

Անոյշ Քէօրօղլեան Մարաշլեան

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment