Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ արդ եւս Արեւմտահայ Մշակոյթի Նոր Ծրագիր

արդ եւս Արեւմտահայ Մշակոյթի Նոր Ծրագիր

by MassisPost

արդ եւս.  Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքը կը մեկնարկէ նպաստի նոր ծրագիր մը, քաջալերելու համար արեւմտահայերէնով մշակութային ստեղծագործութիւնը։ Այս նոր նախաձեռնութեան նպատակն է ամրապնդել լեզուի եւ մշակոյթի միջեւ եղած ներքին ու հարազատ կապը. արեւմտահայերէնն է արարումի հիմնական միջոցը։

Մշակոյթներ եւ ինքնութիւններ միշտ կը զարգանան ու կը փոփոխուին, յատկապէս սփիւռքեան իրականութեան մէջ։ Իւրաքանչիւր սերունդ կը ստեղծէ ի՛ր իսկ մշակութային իրականութիւնը. կը հիմնուի նախորդ իրագործումներու եւ փորձառութիւններու վրայ։ Հիմնարկութիւնը կը փափաքի խթանել զարգացումի, նորոգումի եւ ինքնութեան (վերա)կերտումի այս հոսանքները, առիթ ընծայելով որ հայ ստեղծագործ միտքեր արտայայտուին որեւէ ձեւով, իրենց իսկ իրականութիւններուն համապատասխան առընչելի նիւթերով։

Կայ արեւմտահայերէնով ներգործուն եւ ժամանակակից մշակոյթ մը զարգացնելու անյետաձգելի պահանջքը։ Վտանգուած լեզուի մը կենսունակութիւնը ապահովելու առաջին նախադրեալը անով մշակոյթ ստեղծելն է. մշակոյթ՝ որ երիտասարդներուն կապուած է եւ անո՛նց կողմէ կը ստեղծուի։ Հայ լեզուն եւ մշակոյթը չեն կրնար զերծ մնալ միջազգային հոսանքներէն, մանաւանդ երբ ամեն օր ականատես կ՚ըլլանք համաշխարհային ուժականութեան յարացոյցերու փոփոխութիւններուն, թեքնաբանական սրընթաց նորութիւններուն, կենսոլորտային աղէտներուն եւ ինքնութիւններու զարգացման։ Լեզուն ու մշակոյթը աշխարհին հետ շաղկապելու հրամայականը պիտի մղէ որ անոնք մնան կենսունակ եւ առընչելի։

արդ եւս ծրագիրը պիտի խթանէ ստեղծագործ միտքերը՝ մշակութային արդիականութիւն մը գոյացնելու եւ արեւմտահայերէնով յղացուած նորաշունչ նախաձեռնութիւններ մշակելու։

արդ եւս ծրագիրը կը քաջալերէ որեւէ ստեղծագործ կիրարկութիւն, արտայայտութիւն, կամ ներկայացում՝ ուր լեզուն կարեւորագոյն գործօնն է։ Ծրագիրները կրնան ըլլալ միջգիտակարգային եւ դիմել արտայայտութեան զանազան միջոցներու, ներառեալ՝ գրականութիւն, երաժշտութիւն, տեսողական արուեստներ, նորարար հեռարձակումներ ինչպէս եւ որեւէ այլ արտայայտութեան միջոց։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել՝ https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ կայքէջը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment