Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուայի Կարծիքով` Արեւմուտքը Կը Ձգտի Խանգարել 3+3 Ձեւաչափի Իրագործումը

Մոսկուայի Կարծիքով` Արեւմուտքը Կը Ձգտի Խանգարել 3+3 Ձեւաչափի Իրագործումը

by MassisPost

Ռուսաստանի կարծիքով՝ Արեւմուտքը, առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգները, կը ձգտին սեպ խրել Հարաւային Կովկասի մէջ Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան եւ Թուրքիա, Ռուսաստան, Իրան՝ 3+3 ձեւաչափով համագործակցութեան նախաձեռնութեան մէջ։ Այս մասին նախօրէին կայացած ճեպազրոյցին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։

Ան ըսած է, որ 3+3 ձեւաչափով տարածաշրջանային խորհրդակցական մեքենականութիւն ստեղծելու գաղափարը առաջարկուած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողանի կողմէ։ Ռուսաստանը պաշտպանած է այդ նախաձեռնութիւնը։ Զախարովայի խօսքով՝ տարածաշրջանային բազմակողմ համագործակցութեան զարգացումը կը համապատասխանէ տուեալ ֆորումի ենթադրեալ բոլոր մասնակիցներու շահերուն։ Անոր գործարկումը կարող է օժանդակել միջպետական յարաբերութիւններու վստահութեան բարձրացման, առկայ հակասութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանի տնտեսական, փոխադրային ու մարդասիրական ներուժի բացման։

Սակայն, Մարիա Զախարովայի կարծիքով, այդ ծրագիրը խանգարողներ կան․ – «Կը տեսնենք, որ շարք մը երկիրներու, առաջին հերթին՝ Միացեալ Նահանգներու ձգտումները՝ խանգարել է որոշ գործընթացներ եւ փայտ խրել այդ նախաձեռնութեան անիւին մէջ»։

Ըստ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակին՝ այդ փորձերուն մէջ ամերիկեան կողմը ապատեղեկատուութեամբ կը զբաղի՝ 3+3 նախաձեռնութիւնը կը վերագրեն Մոսկուային, «Անոր շուրջ հերթական տարօրինակ խաղը կը խաղան ռուսական վախի մթնոլորտի մէջ»։ «Այո, մենք կը պաշտպանենք այդ ձեւաչափը, բայց նախաձեռնութեամբ հանդէս եկած են ուրիշ երկիրներ։ Մեր կողմէ կ’առաջնորդուինք 3+3 տարածաշրջանային խորհրդատուական մեքենականութեան շուտափոյթ գործարկմամբ՝ ի շահ անոր բոլոր մասնակիցներուն», – յայտարարած է Զախարովան։

Այս շաբթուայ սկիզբը ԱՄՆ-ի պաշտպանութեան նախարար՝ Լլոյտ Օսթին ըսած էր․ – «Մինչեւ որեւէ նոր հարթակի մասին խօսիլը, Ռուսաստանը, որ բռնագրաւած է Վրաստանի 20 տոկոսը, պէտք է կատարէ 2008 թուականի հրադադարի համաձայնագիրը»։

3+3 ձեւաչափին անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար՝ Արմէն Գրիգորեան։ Rusarminfo կայքի հարցազոյցի ընթացքին ան ըսած է, որ Հայաստանի իշխանութեան կողմէ ան կը քննարկուի․ – «Բոլոր այն թեմաները, որոնք գոյութիւն ունեն տարածաշրջանում, բնականաբար մենք քննարկում ենք։ Մենք փորձում ենք հասկանանք, թէ ինչպիսի քաղաքականութիւն պէտք է վարել բոլոր գոյութիւն ունեցող հարցերի հետ կապուած, ինչպէս 3+3-ը, այնպէս էլ տարածաշրջանում գոյութիւն ունեցող հարցերի վերաբերեալ մենք քննարկումներ ունենում ենք»։

Արմէն Գրիգորեան նշած է, որ այդ ձեւաչափի առանձնայատկութիւնը այն է, որ դեռ ամբողջովին յստակացած չէ, թէ ինչ կը նշանակէ ատիկա, երբ աւելի յստակ ըլլայ, հայկական կողմը կը յայտարարէ իր դիրքորոշումը, իսկ հիմա գոյութիւն ունեցող մտքերը կը քննարկեն գործընկերներուն հետ.- «Փորձում ենք մեր դիրքորոշումները ներկայացնել, մեր գործընկերները, օրինակ, մեր դիրքորոշումների մասով ըմբռնումով են մօտենում»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment