Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Խորհրդային Միութեան Քարտէզները Ռուսական Բանակի Գլխաւոր Շտապը Կը Գտնուին

Խորհրդային Միութեան Քարտէզները Ռուսական Բանակի Գլխաւոր Շտապը Կը Գտնուին

by MassisPost

«Առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան ոչինչ ընել հնարաւոր է», յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահը՝ անդրադառնալով Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմաններու իրավիճակի վերջնական կարգաւորման հարցին։ Վլատիմիր Փութինը բացատրած է, որ Խորհրդային Միութեան քարտէզները ռուսական բանակի գլխաւոր շտապն են։

«Ամենակարեւորը հիմա, սահմանին իրավիճակը վերջնական կարգաւորելն է, եւ այստեղ ի հարկէ առանց Ռուսաստանի մասնակցութեան ոչինչ ընել հնարաւոր է, այստեղ հաւանաբար, մեզի որեւէ մէկը պէտք չէ բացի երկու կողմերէն եւ Ռուսաստանէն: Ինչո՞ւ: Կան շատ պարզ գործնական բաներ՝ քարտէզները, անոնք կը գտնուին ռուսական բանակի գլխաւոր շտապը: Քարտէզներ են, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպէս են խորհրդային հանրապետութիւններու միջեւ սահմանները։ Այս փաստաթուղթերուն վրայ հիմնուելով՝ պէտք է հանգիստ նստիլ երկու կողմերուն հետ, այնտեղ հարցեր կան, որոնք կը պահանջեն փոխզիջումներ՝ ինչ-որ տեղ ինչ-որ բան հաւասարցնել, ինչ-որ տեղ ինչ-որ բան փոխանակել, բայց այնպէս որ այդ ճանաչուի եւ շահաւէտ ըլլայ երկու կողմերուն: Կարելի՞ է ատիկա ընել, թէ ոչ: Կարելի է: Բայց, ի հարկէ, մենք կողմնակից ենք նաեւ բազմակողմ ձեւաչափ գտնելուն, անոնց կարգին՝ Մինսքի խումբի աշխատանքները աշխուժացնելուն, մենք այդ ուղղութեամբ կ’աշխատինք, անոր կարգին՝ մեր գործընկերներուն հետ», – նշած է Ռուսաստանի նախագահը։

Փութինը շարունակած է, որ ամէն պարագային կարեւորը գլխաւոր նպատակին հասնիլն է, որ անվտանգ իրավիճակի ստեղծումն ու հետագային յարաբերութիւններու կառուցումն է՝ դրական հեռանկարով:

«Եւ, ի հարկէ, անհրաժեշտ է ապագային նայիլ եւ տեսնել, թէ ինչ կ’ըլլայ: Չէ՞ որ խնդիրը այն չէ, որ Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան կէտի համաձայն կը դիտարկուի ռուսական խաղաղապահ զօրամասի ներկայութեան ժամկէտի երկարաձգումը: Մի՞թէ այդտեղ է հարցը, խնդիրը երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելն է, այդ է գլխաւորը: Եւ յոյս ունիմ, որ կը յաջողինք զայն ընել», – ընդգծած է Վլատիմիր Փութինը։

«Հայաստանի առջեւ եղած առաջնային հարցերէն է հաղորդակցութիւններու ապասառեցումը, արդիւնաւէտ տնտեսական կեանքի ու տարածաշրջանային համագործակցութեան հաստատումը, անոր կարգին՝ նոյնիսկ Ատրպէյճանի հետ՝ ապագային: Սկզբունքօրէն Հայաստան այս ամէնով շահագրգռուած է: Ապասառեցնել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, անոնց տալ ժամանակակից բնոյթ», – նշած է Վլատիմիր Փութինը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment