Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լիբանան Նոր Փորձութիւններու Առջեւ

Լիբանան Նոր Փորձութիւններու Առջեւ

by MassisPost

Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր շարունակուող լիբանանի տագնապալից վիճակը անցեալ շաբթուայ ընթացքին ենթարկուեցաւ նոր փորձութեան մը: Նոյն այն վարէն ներս, ուր 45 տարի առաջ արձակուած էր քաղաքացիական պատերազմի առաջն կայծը, վերստին դարձաւ բախումներու թատերաբեմ, որոնց ընթացքին զոհուեցան եօթը ու վիրաւորուեցան 30-է աւելի ցուցարարներ:  Եթէ 45 տարի առաջ կողմերը Քրիստոնեաներն ու պաղեստինցիներն էին, այս անգամ իրար դէմ դուրս կու գային Քրիստոնեաներն ու Լիբանանցի Շիիաները:

Աւելի քան տարի մը առաջ Պէյրութի նաւահանգիստէն ներս տեղ ունեցած ահաւոր պայթումը, որուն զոհ գացին 230 քաղաքացիներ, վիրաւորուեցան հազարաւորներ ու քանդուեցաւ մայրաքաղաքի մօտ մէկ երրորդ, կը շարունակէ իր յետցնցումները՝ երկիրը հասցնելով կործանման եզրին:

Նաւահանգիստի դէպքէն ետք կարգ մը լիբանանցիներու մօտ կասկածներ յառաջացան, որ պայթուցիկ նիւթերը կը պատկանէին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հովանաւորութիւնը վայելող  Շիիա համայնքի «Հըզպալլա» կուսակցութեան, որ Իսրայէլի դէմ դիմադրելու պատրուակով կը շարունակէ պահել զինեալ բանակ մը, ունի իր ուրոյն հաղորդակցութեան միջոցները ու գաղտնի սպասարկութիւնները: Մէկ խօսքով ան դարձած է պետութեան մէջ պետութիւն մը: Այս երեւոյթին դէմ կը բողոքեն երկրի միւս՝ Քրիստոնեայ եւ Իսլամ համայնքները, որոնք սակայն անկարող կը գտնուին փոխելու ստեղծուած այս իրավիճակը:

Վերջին ամիսներուն, «Հըզպալլա» փոխանակ փարատելու իր անուան շուրջ եղող կասկածները եկաւ աւելի հաստատելու զանոնք: Նաւահանգիստի պայթումը քննելու համար նշանակուած առաջին դատախազը՝ «Հըզպալլաի» սպառնալիքներուն ենթարկուելով հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն: Անոր յաջորդեց Թարէք Պիթար անունով երկրորդ դատախազ մը, որուն եւս կ՛ընդդիմանայ նոյն շրջանակը՝ մեղադրելով որ ան կը շարժի արտաքին ուժերու պատուէրով: Պիթար ամուր մնալով կը մերժէ հրաժարիլ ու հարցաքննութեան հրաւիրած է նաւահանգիստին հետ առնչութիւն ունեցող նախարարութիւններու նախկին նախարարները:

Անցեալ շաբթուայ ընթացքին «Հըզպալլաի» ու Շիիա միւս կուսակցութեան՝ «Ամալ» շարժումի հազարաւոր կողմնակիցներ փողոց դուրս եկած էին, ուղղուելու համար դէպի արդարադատութեան նախարարութիւն եւ հոն պահանջելու դատախազի հրաժարականը: Ցուցարարները փոխանակ գլխաւոր ճանապարհներով շարժելու դէպի հանրահաւաքի վայրը, սկսած էին քալել մեծամասնութեամբ Քրիստոնեայ ներքին բնակելի թաղամասերէն, արձակելով նաեւ գրգռիչ բացականչութիւններ: Ճիշդ այդ պահուն շէնքերու տանիքներէն անծանօթներ սկսան կրակել ցուցարարներուն վրայ, որոնք ստիպուած եղան դիմել փախուստի:

Այս ծանր դէպքը բնականաբար եկաւ սարսափ ու մտահոգութիւն յառաջացնելու ժողովուրդի մօտ ու քաղաքացիական աւերիչ պատերազմի տեսարանները պարզուեցան բոլորի յիշողութեան մէջ:

«Հըզպալլա» եւ «Ամալ» կ՛ամբաստանեն «Լիբանանեան Ուժեր» Քրիստոնեայ կուսակցութիւնը՝ խաղաղ ցուցարարներու վրայ կրակելու մէջ: Այս վերջինը կը մերժէ այդ ամբաստանութիւնները ու կը յայտարարէ, որ կրակողները շրջանի բնակիչներն են, որոնք ուզած են պաշտպանել իրենց թաղամասերը՝ զինեալ ցուցարարներու սպառնալից կոչերուն ի տես:

Դէպքի վայրէն նկարահանուած պատկերները եւս եկան  հաստատելու թէ, ցուցարարներուն մէջ կային զինեալներ, որոնք անմիջապէս սկսան պատասխան կրակ արձակել բնակելի շէնքերուն ուղղութեամբ:

Լիբանանեան բանակը իր ազդու միջամտութեամբ առայժմ կը կարողանայ հսկողութեան տակ պահել իրավիճակը, իսկ հակամարտող կողմերը կը խուսափին երկիրը տանիլ նոր ցնցումներու: «Հըզպալլաի» համար ձեռնտու չեն լայն մաշտապի բախումները, նկատի ունենալով որ, ան երկրի բոլոր լծակներուն տիրապետող միակ ուժն է՝ շնորհիւ իր ձեռքին ունեցած զէնքին: Իսկ հակառակորդ կողմը առայժմ չունի բաւարար ուժ, դիմացինին հետ սուր առճակատումի երթալու:

Այսպիսով, կը շարունակուին  կուտակուիլ Լիբանանի  տնտեսական, ընկերային, քաղաքական ու այժմ  այլ ապահովական տագնապները, որոնցմէ դուրս գալու յոյսերը օրէ-օր կը նուազին ու ժողովուրդը կը մնայ իր բախտին:

«ՄԱՍԻՍ»  

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment