Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Ծերակոյտին Յատկացումներու Յանձնաժողովը Արցախին Կ’առաջարկէ 2 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն

ԱՄՆ Ծերակոյտին Յատկացումներու Յանձնաժողովը Արցախին Կ’առաջարկէ 2 Միլիոն Տոլարի Օգնութիւն

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին յատկացումներու յանձնաժողովը Հոկտեմբեր 18-ին հրապարակեց 2022 թուականի իր ֆինանսական տարուան յատկացումներու օրինագիծերը, որոնք կը ներառեն 2 միլիոն տոլարի օգնութեան առաջարկ Արցախին։ Այս մասին կը տեղեկացնեն Ամերիկայի հայկական համագումարէն:

«Յանձնաժողովը կ’առաջարկէ մինչեւ 2,000,000 տոլար՝ մարդասիրական ականազերծման եւ պատերազմի պայթուցիկ մնացորդներու (ՊՊՄ) մաքրման աշխատանքներուն համար՝ այն տարածքներուն մէջ, որոնք տուժած են 2020 թուականին Արցախեան հակամարտութեան հետեւանքով, ինչ որ ենթակայ է յատկացումներու յանձնաժողովներուն հետ նախնական խորհրդակցութեան»,- կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ աղբիւրին՝  զեկոյցին միջոցաւ նաեւ կոչ ուղղուած է «մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել» անոնց, որոնք «տեղահանուած են Արցախեան հակամարտութեան հետեւանքով»:

«Համագումարը կ’ողջունէ Միացեալ Նահանգներու շարունակական աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին: Մինչ Ներկայացուցիչներու պալատը եւ Ծերակոյտը կ’ամփոփեն յատկացումներուն օրինագիծերը, մենք կոչ կ’ուղղենք Քոնկրէսին հիմնաւոր ֆինանսաւորում յատկացնելու թէ՛ Հայաստանին, թէ՛ Արցախին»,– ըսաւ համագումարին քոնկրէսական յարաբերութիւններու գծով տնօրէն Մարիամ Խալոյեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment