Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մոսկուայի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի, Ռուսաստանի Եւ Ատրպէյճանի Փոխվարչապետները

Մոսկուայի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի, Ռուսաստանի Եւ Ատրպէյճանի Փոխվարչապետները

by MassisPost

Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներու եռակողմ աշխատանքային խումբի այսօր՝ Հոկտեմբեր 20-ին Մոսկուայի մէջ մեկնարկած հերթական նիստը, որ կը շարունակուի նաեւ վաղը, կ’ընթանայ Պաքուէն արդէն երկրորդ օրը հնչող Երեւանէն եկող դրական ազդակներու մասին յայտարարութիւններու ֆոնին։

Դրական ազդակներու մասին այսօր կրկին խօսած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամովը խրուաթ արտաքին գործոց նախարարի հետ համատեղ ասուլիսին, աւելցնելով, թէ Պաքուն Երեւանէն արդէն գործուն քայլեր կ’ակնկալէ․ «Պաքուն յոյս ունի, որ Հայաստանի կառավարութենէն եկող վերջին դրական նամակները ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործնականօրէն դրական արդիւնքներ տան»։

Երէկ երեկոյեան ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում ընելով Ատրպէյճանի կառավարութեան մէջ իրենց աղբիւրին, գրած էին, թէ վերջին շրջանին պաշտօնական Պաքուն դրական կը գնահատէ Երեւանի բարեացակամ դիրքորոշումը։ Եւ հինգ հայ գերիներու վերադարձը բարի կամքի աքթ է Ատրպէյճանի կողմէ՝ ի պատասխան Հայաստանէն եկող դրական ազդակներուն։ Թէ յատկապէս ինչ դրական ազդակներու մասին է խօսքը եւ արդեօք կ’ազդեն եռակողմ աշխատանքային խումբի նիստի արդիւնքներուն վրայ, յայտնի չէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment