Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութիւնը Պարտութիւն Կրած Է Գիւմրիի, Գորիսի Եւ Մեղրիի Մէջ

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութիւնը Պարտութիւն Կրած Է Գիւմրիի, Գորիսի Եւ Մեղրիի Մէջ

by MassisPost

Կիրակի օր տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններուն, Իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը պարտութիւն կրած է վեց համայնքներէն երեքին մէջ՝ Գիւմրի, Գորիս եւ Մեղրի։
Գիւմրիի ՏԻՄ ընտրութիւններու անցողիկ շեմը յաղթահարած է հինգ ուժ՝
«Բալասանեան դաշինքը», «Քաղաքացիական պայմանագիրը», «Զարթօնքը», «Ապրելու երկիրը» եւ Հանրապետականը։ Սակայն այս ուժերէն որեւէ մէկը առանձին քաղաքային իշխանութիւն ձեւաւորել չի կրնար, քանի որ ստացած քուէներով աւագանիի 33 տեղերու կէսէն աւելին՝ 17 մանտաթ որեւէ ուժի բաժին չի հասնիր։

Թէ ով կ’ըլլայ Գիւմրիի յաջորդ քաղաքապետը եւ որ կուսակցութենէն, այս պահուն յստակ չէ։ Կ’ենթադրուի, որ քաղաքական ուժերը սկսին դաշինք կազմելու բանակցութիւններ, սակայն գոնէ այս պահուն անոնք չեն շտապեր խօսիլ այդ մասին։
Առաւելագոյն քուէն՝ ձայներու 36,59 տոկոսը ստացած «Բալասանեան դաշինքը» յետընտրական գործընթցաներու վերաբերեալ մեկնաբանութիւններ չ’ըներ, քանի որ քովիտով հիւանդ կուսակցութեան քաղաքապետի թեկնածու՝ Վարդգէս Սամսոնեան 2 շաբաթ է՝ հիւանդանոցն է եւ նոյնիսկ քուէարկութեան չէ մասնակցած։ Կուսակցութիւնը, սակայն, յայտարարութիւն տարածեց, ուր ակնարկ կայ միւս ուժերու հետ համագործակցութեան մասին, բայց թէ՝ որու կամ որոնց, չեն յստակացուցած։

Մօտ 30 տոկոս քուէ ստացած իշխանական «Քաղաքացիական պայմանգիրը» եւս մեծամասնութիւն ստանալու համար պէտք է դաշինք կազմէ։ Քաղաքական այս ուժի նախընտրական շտապը փակ էր, եւ լրագրողներու հեռախօսները անպատասխան մնացին։

Քաղաքական ուժերուն համար կռուախնձոր կրնայ դառնալ 10 տոկոսէն աւելի քուէ ստացած եւ երրորդ տեղը գրաւած «Զարթօնք ազգային քրիստոնէական» կուսակցութիւնը: Քաղաքապետի թեկնածու՝ Վարդեւան Յակոբեան յստակ չկարողացաւ ըսել քաղաքական ո՞ր ուժի հետ դաշինք կը կազմէ՝ հասկնալով, որ իրենց 10 տոկոս քուէն վճռորոշ է առաւելագոյն քուէ ստացած քաղաքական 2 ուժերու համար:
Քաղաքային իշխանութեան մաս կը կազմէ նաեւ 3 տարի առաջ՝ յեղափոխութենէն յետոյ իշխանութենէն հեռացած Հանրապետական կուսակցութիւնը, որ այժմ ստացած է 5 տոկոսէն քիչ մը աւելի ձայն: Ընդդիմադիր կուսակցութեան ցուցակը գլխաւորող Արտեոմ Ղուկասեան «Ազատութիւն»ին հաղորդեց, որ դաշինք կազմելու առաջարկներ չեն ստացած դեռ, բայց բացառեց իշխող «Քաղաքացիական պայմանագրի» հետ դաշինքը:

Գորիսի մէջ նախնական տուեալներով յաղթած է գործող համայնքապետի՝ Առուշ Առուշանեանի առաջնորդած ուժը։ Առուշանեան այժմ կալանքի տակ է ընտրական խախտումներու մեղադրանքով եւ քարոզարշաւին չէ մասնակցած։

Մեղրիի մէջ յաղթած է Արամ Սարգսեանի գլխաւորած «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը։
Ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքները կը հրապարակուին այս կիրակի եւ այդ օրն ալ ընտրատարածքային յանձնաժողովը կը յստակացնէ, թէ որ քաղաքական ուժը քանի մանտաթ կը ստանայ Հայաստանի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment