Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իրանի Դերակատարութիւնը Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումը

Իրանի Դերակատարութիւնը Եւ Մոսկուայի Դիրքորոշումը

by MassisPost

Մոսկուայի մէջ կայացաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հերթական հանդիպումը` յատկապէս քննարկելու համար 44-օրեայ պատերազմին յաջորդած եւ Նոյեմբեր 9-ին ու Յունուար 11-ին ստորագրուած` Ռուսաստան-Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնութիւններու կատարման հարցերը:

Այդ երկու փաստաթուղթերու բովանդակութեան եւ պայմաններուն շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մեկնաբանութիւններուն մէջ կան էական տարբերութիւններ: Պաշտօնական Պաքուն կը պահանջէ Զանգեզուրի վրայով միջանցք` դէպի Նախիջեւան, իսկ Երեւան կը շարունակէ պնդել որ,  համաձայնագիրերուն մէջ  նման միջանցքի մասին խօսք չկայ եւ այդ հարցը քննարկման առարկայ չէ: Հայաստան պատրաստակամութիւն կը յայտնէ վերացնել շրջափակումները ու  երկուստեք  բանալ բոլոր ճանապարհներն ու հաղորդակցութեան միջոցները:

Պաքու իր տեսակէտը պարտադրելու համար պատերազմէն ասդին կը դիմէ սադրիչ  գործողութիւններու, այն յոյսով որ Հայկական կողմը, որ պատերազմէն դուրս եկաւ պարտուած ու տկարացած, ուշ թէ կանուխ պիտի ընդունի խաղի իր պայմանները:

Երեւան մինչեւ օրս կը մնայ իր տեսակէտին վրայ: Այս շաբաթ եւս Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի միջոցաւ յայտարարուեցաւ որ, միջանցքի հարց երբեք չէ քննարկուած, ներկայիս չի քննարկուիր եւ պիտի  չքննարկուի այսուհետեւ եւս: «Այս թեման այլեւս փակուած է: Հայաստանի ամբողջ տարածքը վերահսկելու է Հայաստանի Հանրապետութիւնը», շեշտեց Գրիգորեան այդպիսով անուղղակի պատասխանելով նաեւ որոշ քաղաքական մեկնաբաններու արտայայտած  կարծիքներուն, որոնց համաձայն միջանցքի հարցը կրնայ լուծուիլ  եթէ այդ վերահսկուի Ռուսական զօրքերուն կողմէ:

Փաշինեան-Փութին նախորդ հանդիպումի ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, Ռուսաստանի նախագահը շնորհաւորելէ ետք  Փաշինեանին` ընտրութիւններուն արձանագրած յաղթանակին առթիւ, հրապարակաւ յայտարարեց որ, Հայաստանի վարչապետը կը վայելէ ժողովուրդի վստահութիւնը եւ ի վիճակի է դժուար որոշումներ կայացնելու: Փութինի այս արտայայտութիւնը Հայութեան մօտ մտահոգութիւն յառաջացուց, որ Ռուսաստան միջանցքի հարցով կը պաշտպանէ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը: Սակայն, Հայկական կողմը անկէ ետք եւս պնդեց որ կտրականապէս կը մերժէ քննարկել միջանցքի հարցը:

Վերջին շաբաթներուն քաղաքական  խաղադաշտ աւելի ակտիւ մուտք գործեց Իրանը, յատկապէս երբ իր երկրի բեռնատարներերուն առջեւ փակուեցաւ դէպի Հայաստան ազատ մուտքը: Արեւմտեան երկիրներու ու մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ տնտեսական պատժամիջոցներու լոյսի տակ, Թեհրանի համար խիստ կարեւոր է Հայաստանի հետ իր սահմանին տիրող իրավիճակը: Զգալով հաւանական վտանգը, պարսկական կողմը ոչ միայն բաւարարուեցաւ բողոքի արտայայտութիւններով, այլ եւ  զօրավարժութիւններ սկսաւ Ատրպէյճանի հետ իր սահմաններուն մօտ:

Թեհրան ամենէն բարձր մակարդակով կը յայտարարէ որ, պիտի չարտօնէ տարածաշրջանէն ներս սահմաններու փոփոխութիւն ու նաեւ կը մեղադրէ Ատրպէյճանին, որ արտօնած է Իսրայէլացի մասնագէտներու տեղակայումը իր երկրէն ներս ու նաեւ պատերազմի օրերուն Ատրպէյճան ժամանած ահաբեկչական խմբաւորումները կը շարունակէ պահել իր հողին վրայ: Այս օրերուն Իրան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կը գտնուին իրենց ամենէն ցած կէտին վրայ, ինչ որ կ’ամրապնդէ Հայաստանի դիրքերը` առիթ տալով անոր, որպէսզի դիմակայէ Պաքու-Անգարա դաշինքի սպառնալիքներուն:

Փաշինեան-Փութին հանդիպումէն առ այժմ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր: Սակայն, յաջորդող օրերուն աւելի յստակ կը դառնան քննարկումներու արդիւնքները` պաշտօնական եւ ոչ պաշտօնական մեկնաբանութիւններու ընդմէջէն: Իրանի վերջին դիրքորոշումները եւ գործողութիւնները բնականաբար իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան նաեւ Ռուսաստանի վարած քաղաքականութեան վրայ: Ներկայիս Մոսկուա կը գտնուի աւելի յստակ դիրքորոշում յայտնելու, Հայաստանի հետ իր դաշնակցային յարաբերութիւններուն աւելի լրջօրէն մօտենալու ու զայն  պաշտպանելու պարտաւորութեան տակ, այլապէս նոր դերակատարներու մուտք գործելով` իրավիճակը կրնայ արագօրէն դուրս գալ Ռուսաստանի ամբողջական վերահսկողութենէն:

«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment