Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանը Պատրաստ Է Բանակցութիւններ Սկսիլ Պաքուի Հետ.Փաշինեան

Երեւանը Պատրաստ Է Բանակցութիւններ Սկսիլ Պաքուի Հետ.Փաշինեան

by MassisPost

ԱՊՀ առցանց գագաթնաժողովին Հայաստանի վարչապետը այսօր՝ Հոկտեմբեր 15-ին  յայտարարած է, թէ հիմնական հարցը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հասնելու համար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումն է, եւ Երեւանը պատրաստ է բանակցութիւններ սկսիլ Պաքուի հետ՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի հովանիի ներքոյ։

Երկարաժամկէտ խաղաղութեան հասնելու համար, Փաշինեանի խօսքով, կարեւոր է հայ ատրպէյճանական սահմաններու սահմանագծումն ու սահմանազատումը, եւ Հայաստանը պատրաստ է սկսիլ այս գործընթացը Ռուսաստանի եւ այլ միջազգային գործընկերներու աջակցութեամբ։

«Այդ գործընթացը դժուար է սկսել, քանի դեռ ատրպէյճանական ուժերը խախտել են այդ սահմանը եւ այնտեղ մշտական հրաձգութիւն է», – ըսած է Հայաստանի վարչապետը։

Սահմանի վիճայարոյց հատուածին մէջ Փաշինեան կ’առաջարկէ տեղակայել ռուսական սահմանապահներ եւ այլ միջազգային դիտորդներ։

ԱՊՀ առցանց գագաթնաժողովին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կրկին անգամ յայտարարած է, որ յաղթելով Յունիս 20-ի ընտրութիւններուն՝ իր ղեկավարած կառավարութիւնը ստացած է երկրի եւ տարածաշրջանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու մանտաթ, որ սակայն այսօր կը խոչընդոտուի շարք մը գործօններով։ Այդուհանդերձ Փաշինեան ըսած է, որ գիտէ ինչպէս հասնի երկարաժամկէտ խաղաղութեան եւ փոխել տարածաշրջանի ճակատագիրը. – «Մենք ունինք յստակ պատկերացում, թէ ինչպէս հասնել այդ նպատակին՝ երկխօսութիւն, թշնամական մթնոլորտի աստիճանական յաղթահարում, տարածաշրջանային փոխադրային եւ տնտեսական բոլոր հաղորդակցութիւնների ապաշրջափակում։ Սա է այս նպատակին հասնելու միակ ճանապարհը»։

Փաշինեան այսօր ԱՊՀ գործընկերներուն տեղեկացուց, որ եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրէն ներս աշխատանք կը տարուի փոխադրային բոլոր հաղորդակցութիւններու բացման ուղղութեամբ, եւ յոյս հայտնեց, թէ յստակ արդիւնքներու կը հասնին մօտ ապագային: Սա կը նշանակէ, որ Հայաստանը կ’ունենայ ինքնաշարժներու յատուկ ճանապարհային եւ երկաթուղագծային կապ Ռուսաստանի, երկաթուղագծային կապ Իրանի հետ, իսկ Ատրպէյճանը կ’ունենայ երկաթուղագծային կապ Նախիջեւանի հետ Հայաստանի տարածքով:

Բայց պաշտօնական Երեւանը պնդած է, որ քաղաքական եւ տնտեսական առաջխաղացման համար անհրաժեշտ է կարգաւորել մարդասիրական հարցերը, մասնաւորապէս՝ գերիներու հարցը։

«Ես պէտք է ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրեմ Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեան 8-րդ կէտին, որը վերաբերում է բոլոր գերիների, պահուող անձանց վերադարձին։ Խօսքը ոչ միայն ռազմագերիների, այլեւ բոլոր պահուող անձանց մասին», – շեշտած է Փաշինեան՝ հակադարձելով աւելի վաղ հնչած Ալիեւի յայտարարութեան, թէ Ատրպէյճանը աւելի շուտ փոխանցած է Հայաստանին  բոլոր ռազմագերիները, քան Հայաստանը, եւ այսօր Ատրպէյճան պահուող հայերը ռազմագերիներ չեն, այլ ներթափանցողներ։

«Այս շրջածիրում , – շարունակած է Փաշինեան, – Հայաստանը պատրաստ է վերադարձնել ականապատուած բոլոր այն տարածքների քարտէզները, որ գտնւում է թիկունքում։ Այսինքն՝ այդ քարտէզները ոչ թէ ռազմական, այլ մարդասիրական նշանակութիւն ունեն»։

Իր խօսքի զգալի մէկ մասը Փաշինեան նուիրած էր ԱՊՀ-ի գործերուն, մինչդեռ Ատրպէյճանի նախագահը իր խօսքը ամբողջութեամբ նուիրած էր, իր ձեւակերպմամբ՝ «յետհակամարտային իրավիճակին»՝ շեշտելով, թէ Ղարաբաղեան հակամարտութիւն այլեւս գոյութիւն չունի. – «Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը այլեւս գոյութիւն չունի, քանի որ Ատրպէյճանը ռազմական եւ քաղաքական ճանապարհով վերականգնած է իր տարածքային ամբողջականութիւնը»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment