Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դաւիթ Տոնոյեան Կը Մնայ Կալանքի Տակ

Դաւիթ Տոնոյեան Կը Մնայ Կալանքի Տակ

by MassisPost

ՀՀ Պաշտպանութեան նախկին նախարար՝ Դաւիթ Տոնոյեան կը մնայ կալանքի տակ: Վերաքննիչ քրէական դատարանը մերժեց նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեայի փաստաբաններուն բողոքը, որով կը պահանջէին ազատ արձակել Տոնոյեանը ու բեկանել առաջին ատեանի դատարանի որոշումը։

Քորուփցիոն յանցագործութեան համար մեղադրուող Տոնոյեան անցեալ ամիս կալանաւորուած էր:

«Հաշուի առնելով այն փաստարկները, որոնք ներկայացուել էին մեր կողմից վերաքննիչ բողոքի մէջ, համոզուած էինք, որ չնչին անգամ իրաւական գիտելիքներ ունեցող անձը, ծանօթանալով դրանց, կը բաւարարէր բողոքը», – լրագրողներուն ըսաւ Տոնոյեանի փաստաբան Սերկէյ Յովհաննիսեանը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ կը պատրաստուին որոշումը ստանալէն յետոյ «պարտադիր կարգով դա բողոքարկել վճռաբեկութեամբ». «Չգիտեմ որ արտեանում, չգիտեմ մեր պետական, թէ միջազգային որ դատարանում կը ստացուի, բայց հաւաստիացնում եմ, որ Դաւիթ Տոնոյեանի ազատութեան իրաւունքի սահմանափակումը ոչ իրաւաչափ լինելը արձանագրուելու է ոչ միանշանակ կերպով»:

Առանձնապէս խոշոր չափերով վատնում կատարելու համար մեղադրուող նախկին պաշտօնեան չ’ընդունիր մեղադրանքը ու զինք կալանաւորելը անհիմն կը համարէ: Անոր փաստաբանները կը պնդեն՝ ազատութեան մէջ գտնուելու պարագային Տոնոյեան չի խոչընդոտեր նախաքննութիւնը։ 2018-էն 2020 թուականներուն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը գրաւած Տոնոյեան կ’անցնի քրէական գործով բանակին անպիտանի հրթիռներ գնելու կապակցութեամբ:

«Գնուել է, սակայն որ խօսում ենք` պիւտճէից գումար է փոխանցուել, պիւտճէի միջոցներն են վատնուել, նման փաստ գործում առկայ չէ: Փաստացի նախկինում ունեցած պարտքից հաշուանց է կատարուել, սակայն գումարի փոխանցում, հաշուից դուրս բերում, պիւտճէէն դուրս բերում եւ մատակարարի հաշուին նստեցում, նման գործարք տեղի չի ունեցել», – հաւաստիացուց անոր փաստաբանը:

Նախկին նախարարին հետ միասին այս գործով մեղադրեալ է նաեւ բանակին զինամթերք մատակարարած ընկերութեան տնօրէն՝ Դաւիթ Գալստեանը («Փաթրոն Դաւօ»): Անոնք կը մեղադրուին շուրջ 4.7 միլիոն տոլար յափշտակելու եւ կեղծիքներ, հանրօրէն վտանգաւոր արարքներ կատարելու համար:

Սերկէյ Յովհաննիսեան պնդեց, թէ քրէական գործի պատճառ դարձած հրթիռները նախքան իր պաշտպանեալի կալանաւորումը չեն ալ փորձաքննուած։ Նոր փորձաքննութիւն նշանակուած է. «Սակայն այս ամբողջ ընթացքին ինչպէս պարոն Տոնոյեանը, այնպէս էլ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ գտնւում են կալանքի տակ: Ստացւում է, որ այս պատճառներով ձգձգւում է անընդհատ քննութիւնը»:

Փաստաբանի խօսքով՝ իրենք կը պահանջեն արագացնել հրթիռներու փորձաքննութիւնը ամենասեղմ ժամկէտներով։ Այսօր դռնփակ նիստին մասնակցած է նաեւ նախկին նախարարը։ Ըստ փաստաբանին` Տոնոյեան ելոյթ ունեցած է, իր հակափաստարկները ներկայացուցած է. «Միացաւ մեր բողոքին, ամէն ինչ ընթացել էր շատ լաւ: Թւում էր, թէ դատարանը պէտք է բողոքը բաւարարի, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով»:

Անպիտանի հրթիռներու քրէական գործով, ըստ ԱԱԾ-ին, Դաւիթ Տոնոյեանէն ու Դաւիթ Գալստեանէն բացի, կ’անցնին զինուած ուժերու նախկին եւ ներկայ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, անոնց կարգին` ԶՈւ օդուժի վարչութեան նախկին պետը, Գլխաւոր շտաբի պետի տեղակալ՝ Ստեփան Գալստեան:

Անպիտանի հրթիռները 2011-ին ներածուած են Հայաստան, մատակարարումէն որոշ ժամանակ անց հրթիռներու մէկ մասը չէ կրակած եւ դուրս հանուած է հաշուեկշիռէն, իսկ մնացածը ընդհանրապէս չէ կիրառուած, անոնց կարգին` 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, հաղորդած էր Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment