Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ատրպէյճանական Կողմը Կրակ Բացած Է Երասխ Գիւղի Եւ Հայկական Դիրքերու Ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական Կողմը Կրակ Բացած Է Երասխ Գիւղի Եւ Հայկական Դիրքերու Ուղղութեամբ

by MassisPost

«Ատրպէյճանական զինուած ուժերը կրակ են բացել Արարատի մարզի, մասնաւորապէս՝ Երասխ գիւղի եւ այդ հատուածում տեղակայուած հայկական դիրքերի ուղղութեամբ այսօր` ժամը 15։00-ի սահմաններում», հաղորդած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը:

Այդ կրակոցներու հետեւանքով այրած են գիւղի բնակիչներէն մէկուն անասնագոմը եւ խոտի դէզերը, նշած է Հայաստանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը: Ըստ այդ հաղորդման` ԶՈւ անձնակազմի եւ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ տուժածներ չկան։

Ատրպէյճանական կողմը այս մասին դեռ հաղորդագրութիւն չէ տարածած:

Յիշեցնենք, որ երէկուընէ լարուած է իրադրութիւնը նաեւ արցախ-ատրպէյճանական շփման գծին վրայ:

Հոկտեմբեր 15-ի առաւօտեան Արցախի Պաշտպանութեան բանակի դիրքերուն մէջ իրավիճակը հանգիստ է: «Միջադէպը գրանցուելուց յետոյ մի քանի ուղղութիւններով կրակոցներ լինելուց յետոյ իրավիճակը հանդարտուել է, այդ մասին նաեւ Պաշտպանութեան բանակն է հաղորդագրութիւն տուել: Այսօր էլ որեւէ լուր չկայ սրման կամ մագլցման մասին», – «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցին հաղորդեց Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Գեղամ Ստեփանեան:

Վիրաւորներու վերաբերեալ Ստեփանեան ըսաւ. – «Յստակ 6 հոգու մասին է խօսքը, ամենասկզբից էլ խօսքը 6 հոգու մասին էր՝ հիւանդանոց էի գտնւում հենց էն ժամանակ, երբ տղաներին վիրաւոր բերում էին հիւանդանոց: Վստահ կարող ենք ասել, որ որեւէ զոհ եւ աւել վիրաւորի մասին խօսք չկայ»:

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը գիշերը հաղորդեց, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերը Հոկտեմբեր 14-ի երեկոյեան կրակ բացած են Արցախի արեւելեան սահմանագօտի տեղակայուած Պաշտպանութեան բանակի մարտական յենակէտի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է 6 զինծառայող:

Կէսգիշերէն քիչ անց հաղորդուեցաւ, որ իրավիճակը շփման գիծի ողջ երկայնքով կայունացած է, հայկական կողմը դիրքային ու տարածքային կորուստներ չունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment