Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մոսկուան Եռակողմ Համաձայնութիւններու Հիմնական Հովանաւոր․ Զախարովա

Մոսկուան Եռակողմ Համաձայնութիւններու Հիմնական Հովանաւոր․ Զախարովա

by MassisPost

«Մոսկուան հետեւողականօրէն հանդէս կու գայ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով եռակողմ համաձայնութիւններու բոլոր դրոյթներու անշեղօրէն իրագործման օգտին», Հոկտեմբեր 14-ին, ճեպազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ՝ Մարիա Զախարովան։

«Մենք կ’ակնկալենք, որ այս կերպ ալ կը ստեղծուին անհրաժեշտ պայմանները` երկկողմանի յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, ներառեալ երկկողմանի բարդ հարցերու վերաբերեալ»,- ըսած է Զախարովան։

Անդրադառնալով Մարտակերտի ատրպէյճանական դիպուկահարի կողմէ խաղաղ բնակիչի սպաննութեան՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը ցաւակցած է մահացողի բարեկամներուն ու մտերիմներուն եւ աւելցուցած, որ խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատարութիւնը այժմ քննութիւն կը կատարէ։

«Իրենց պատասխանատուութեան գօտիէն ներս միջադէպեր թոյլ չտալու ջանքերու համակարգման համար ռուս խաղաղապահները անընդհատ փոխգործակցութեան մէջ են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբներուն հետ: Այս ողբերգական դէպքը կ’ընդգծէ 3 երկիրներու ղեկավարներու յայտարարութեան բոլոր կէտերու անշեղ կատարման կարեւորութիւնը։ Մենք կոչ կ’ընենք երկու կողմին, որքան հնարաւոր է շուտ, վերացնելու առկայ փոխադարձ գրգռիչ գործօնները մարդասիրական դաշտէն ներս, փոխանակելու գերիները «բոլորին բոլորի դիմաց» սկզբունքով եւ փոխանակելու ականադաշտերու քարտէզները լրիւ ծաւալով», – ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment