Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մինսքի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

Մինսքի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի, Ատրպէյճանի Եւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարները

by MassisPost

Հայաստանի, Ռուսաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարները Հոկտեմբեր 14-ին հանդիպած են Մինսքի մէջ, ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ: Անոնք այնտեղ կը մասնակին Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։

Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան առնչուող խնդիրներ, անոնց կարգին՝ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան իրագործման ընթացքը, յայտնած է հայկական կողմը:

Արարատ Միրզոյեան արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման շրջածիրէն ներս կարեւորած է ռուս խաղաղապահներու ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղ։ Ան ուշադրութիւն հրաւիրած է եռակողմ յայտարարութեան որոշ դրոյթներու իրագործուած չըլլալուն` ընդգծելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ ու անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը։

Չնայած «գերիներուն բոլորը բոլորի դիմաց» սկզբունքով վերադարձնելու մասին պայմանաւորուածութեան` հայկական կողմը կը պնդէ, թէ տասնեակ հայ զինծառայողներ դեռ կը մնան ատրպէյճանական բանտերուն մէջ։ Ատրպէյճան գերիները կը համարէ յանցագործներ՝ պնդելով, որ անոնք հրադադարի համաձայնութենէն յետոյ յայտնուած են Ատրպէյճանի տարածք՝ որպէս ներթափանցողներ։

Ըստ Պաքուի պաշտօնական հաղորդագրութեան` Պայրամովը հանդիպման ընթացքին բարձրաձայնած է Ատրպէյճանի դիրքորոշումը տարածաշրջանին մէջ յետհակամարտութեան իրավիճակի եւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ շեշտած յայտարարութեան կէտերու իրացման կարեւորութիւնը:

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան՝ Արարատ Միրզոյեան անդրադարձած է նաեւ Նիու Եորքի մէջ Պայրամովի հետ հանդիպման` վերահաստատելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական կարգաւորումը պէտք է կատարուի ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի եւ այդ ձեւաչափին տրուած միջազգային մանտաթի ծիրէն ներս, կողմերուն յայտնի սկզբունքներու ու տարրերու հիման վրայ։

Նախքան եռակողմ հանդիպումը Լաւրով առանձին-առանձին հանդիպած է երկու գործընկերներուն հետ: Միրզոյեանի հետ հանդիպման ընթացքին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ «Ղարաբաղը միշտ պէտք է օգտուի մեր ուշադրութենէն»:

Յիշեցնենք, որ երկկողմանի բանակցութիւններու պատրաստակամութեան մասին, նաեւ երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով եւ՛ Երեւանը, եւ՛ Պաքուն յայտարարած էին, ընդ որում՝ Պաքուն պնդած էր, որ Երեւանը պէտք է ստորագրէ խաղաղութեան պայմանագիր Ատրպէյճանի հետ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment