Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը Ատրպէյճանին Եւ Հայաստանին Կոչ Ըրած Է Օգնելու Գերիներու Ազատ Արձակման

Համայն Ռուսիոյ Պատրիարքը Ատրպէյճանին Եւ Հայաստանին Կոչ Ըրած Է Օգնելու Գերիներու Ազատ Արձակման

by MassisPost

Մոսկուայի եւ Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ կոչ ըրած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն օգնելու գերիներու ազատ արձակման եւ թոյլ չտալու զէնքի կամայական կիրառումի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Ան նաեւ յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է ողջ ուժով ձգտիլ խուսափելու ատելութեան քարոզէն։

«Կոչ կ’ընենք լոյս սփռելու անհետ կորածներու ճակատագրին վրայ, նպաստելու գերիներու ազատ արձակման եւ թոյլ չտալու զէնքի կիրառումի, որ յղի է խաղաղ բնակչութեան համար վտանգներով»,- յայտարարած է պատրիարք Քիրիլ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հոգեւոր առաջնորդներու հետ դռնփակ հանդիպումէն յետոյ։

Պատրիարքը նաեւ հաւաստիացուցած է, որ կրօնական առաջնորդները պատրաստ են աջակցիլ երկու ժողովուրդներու հաշտեցման, եւ որ ռուս ուղղափառ եկեղեցին, իր հերթին, կ’աղօթէ երկու կողմերու հաշտեցման համար։

Հոգեւոր առաջնորդներու եռակողմ հանդիպումը շարունակուած է քանի մը ժամ։ Բանալով հանդիպումը` ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հովուապետը նշած է, որ այս կրնայ օրինակ դառնալ նաեւ միւսներուն համար. «Ես յուսով եմ, որ մենք ձեզ հետ կը գտնենք ճիշդ բառեր, որոնք ամէնէն շատ պէտք են մեր ժողովուրդներուն։ Կը հաւատամ, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հոգեւոր առաջնորդներու հեղինակութիւնը կրնայ բարերար ազդեցութիւն ունենալ մարդոց մտորումներուն վրայ, եւ կը հաւատամ, որ այսօրուայ հանդիպման փաստն ու ձեր միջեւ երկխօսութիւնը, սիրելի՛ եղբայրներ, օրինակ կը դառնայ բոլորին համար»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment