Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լարուած Վիճակ Պէյրութի Մէջ, Կրակոցներու Հետեւանքով Կան 6 Զոհեր

Լարուած Վիճակ Պէյրութի Մէջ, Կրակոցներու Հետեւանքով Կան 6 Զոհեր

by MassisPost

Հինգշաբթի օր Պէյրութի մէջ կրակ բացուած է ցուցարարներու ուղղութեամբ, երբ անոնք կը քալէին դէպի Արդարադատութեան պալատ:    Զոհուածներուն թիւը հասած է վեցի: Տուժած է աւելի քան 60 մարդ:

Ներկայիս զինուորականները կը սանրեն շէնքերու ստորին հարկերը, ուր, անոնց կարծիքով, կրնան գտնուիլ զինուած անձեր, ինչպէս նաեւ կը հսկեն մերձակայ շէնքերու տանիքները, որոնց վրայ կրնան ըլլալ դիպուկահարներ: Բացի այդ, բանակը նախազգուշացուցած է, որ նետուած ձեռքի նռնակներէն մէկը չէ պայթած, ուստի զինուորները պէտք է ստուգիչ պայթեցում կատարեն: Ուղերձով ժողովուրդին դիմած է Լիբանանի վարչապետ՝ Նաժիպ Միքաթին, որ քաղաքացիներուն կոչ ըրած է «պահպանելու հանդարտութիւն եւ թոյլ չտալու երկրի սահքը դէպի երկպառակութիւն»: Կառավարութեան ղեկավարը դիմած է Լիբանանի բանակին եւ ուժային կառոյցներուն՝ Էթ Թայունի եւ Պատարոյի շրջաններուն անվտանգութիւնը ապահովելու եւ անկարգութիւններ հրահրողները բռնելու պահանջով:

Յիշեցնենք, որ Լիբանանի մէջ եղած լարուածութիւնը եւ ապա բախումները հետեւանք  են  երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին, որովհետեւ շիիթ «Հըզպալլա» եւ «Ամալ» կուսակցութիւնները որոշած էին դէպի Արդարատութեան պալատ բողոքի երթ մը կատարել արձանագրելու համար իրենց դժգոհութիւնը Պէյրութի նաւահանգիստի թղթածրարին հետեւող դատախազ՝ Թարէք Պիթարի վարքին դէմ եւ մեղադրելով զինք, որ իրաւական գործունէութենէն բացի կը կատարէ քաղաքական կողմերու «պատուէրները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment