Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Թեհրանը կը Հերքէ Իրանցի Վարորդներու Ազատ Արձակուելու Տեղեկութիւնը

Թեհրանը կը Հերքէ Իրանցի Վարորդներու Ազատ Արձակուելու Տեղեկութիւնը

by MassisPost

Պաշտօնական Թեհրանը կը հերքէ իրանցի երկու վարորդներու ազատ արձակուելու մասին տեղեկութիւնները:

Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ իրանական բեռնատարներու, մէկ ամիս առաջ ձերբակալուած երկու վարորդներու ազատ արձակման մասին տեղեկութիւնները չեն համապատասխաներ իրականութեան, երէկ՝ Հոկտեմբեր 13-ին յայտարարած է Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ՝ Սաիտ Խաթիպզատէն:

ISNA գործակալութեան հաղորդմամբ՝ ան պարզաբանած է, որ «Իրանի հետ խորհրդակցութիւններէն յետոյ երկու իրանցի բանտարկեալներ Ատրպէյճանէն կը տեղափոխուին Իսլամական Հանրապետութիւն՝ պատիժի մնացած մասը կրելու համար»: «Այս երկու անձինք ոչ մէկ կապ ունին ձերբակալուած վարորդներուն հետ», – ընդգծած է Խաթիպզատէն՝ աւելցնելով, որ «այդ հարցի շուրջ խորհրդակցութիւնները կը շարունակուին»:

Երէկ աւելի վաղ Fars գործակալութիւնը, վկայակոչելով իր աղբիւրը, յայտնած էր, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ազատ արձակած են իրանական բեռնատարներու երկու վարորդները, որոնք մէկ ամիս առաջ ձերբակալուած են ատրպէյճանցի սահմանապահներու կողմէն Գորիս-Կապան ճանապարհին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment